Սողոմոնի Առակների գիրք

14

1Իմաստուն կիները իրենց տունը կը շինեն. Բայց յիմար կինը զանիկա իր ձեռքովը կը փլցնէ: 2Իր ուղղութեանը մէջ քալողը Տէրոջմէ կը վախնայ. Բայց ծուռ ճամբայ ունեցողը զանիկա կ’անարգէ: 3Յիմարին բերանը հպարտութեան գաւազան կայ. Բայց իմաստուններուն շրթունքները զիրենք կը պահեն: 4Ուր արջառ չկայ, մսուրը մաքուր կը մնայ. Իսկ արդիւնքին առատութիւնը եզին զօրութենէն առաջ կու գայ: 5Ճշմարտութեան վկան սուտ չխօսիր. Բայց անիրաւ վկան ստութիւններ կը թափէ բերնէն: 6Ծաղր ընողը իմաստութիւն կը փնտռէ ու չգտներ. Բայց իմաստուններուն համար գիտութիւնը դիւրին է: 7Յիմար մարդէն հեռացիր, Երբ կ’իմանաս որ իմաստուն շրթունքներ չունի: 8Խելացի մարդուն իմաստութիւնը իր ճամբան հասկնալն է. Բայց յիմարներուն անմտութիւնը նեն-գութիւն է: 9Յիմարները յանցանքը ծաղր կ’ընեն. Բայց ուղիղներուն մէջ ներողամտութիւն կայ: 10Մարդուն սիրտը իր հոգիին ցաւը կը ճանչնայ. Ու անոր ուրախութեանը ուրիշը մասնակից չըլլար: 11Ամբարիշտներուն տունը պիտի կործանի. Բայց ուղիղներուն վրանը պիտի ծաղկի: 12Ճամբայ կայ որ մարդուն շիտակ կ’երևնայ, Բայց անոր վախճանը մահուան ճամբաներն է: 13Ծիծաղելու ատենն ալ մարդուս սիրտը տրտմութիւն կը զգայ, Եւ ուրախութեան վախճանը սուգ կ’ըլլայ: 14Ապականած սիրտը իր ճամբաներէն՝ Ու մարդը ինքիրմէն պիտի կշտանայ: 15Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ. Բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ: 16Իմաստունը կը վախնայ ու չարութենէ կը փախչի. Բայց անմիտը կը հպարտանայ ու յանձնապաստան կ’ըլլայ: 17Շուտ բարկացողը յիմարութիւն կ’ընէ. Ու նենգամիտ մարդը ատելի է: 18Անխոհեմները անմտութիւն կը ժառանգեն. Բայց խելացիները գիտութեամբ կը պսակուին: 19Չարերը բարիներուն առջև կը խոնարհին, Եւ ամբարիշտները՝ արդարներուն դրանը քով: 20Աղքատը մինչև անգամ իր ընկերին ատելի է. Բայց հարուստին բարեկամները շատ են: 21Իր ընկերը անարգողը կը գործէ. Բայց աղքատին ողորմութիւն ընողը երանելի կ’ըլլայ: 22Ահա չարութիւն մտածողները կը մոլորին Բայց բարութիւն մտածողներուն ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն կ’ըլլայ: 23Ամէն աշխատանքի մէջ օգուտ մը կայ. Բայց դատարկաբանութիւնը՝ միայն կարօտութեան կը տանի մարդը: 24Իմաստուններուն հարստութիւնը իրենց պսակն է. Բայց անմիտներուն բարձրութիւնը յիմարութիւն է: 25Հաւատարիմ վկան հոգիներ կ’ազատէ. Բայց խարդախը ստութիւններ դուրս կու տայ: 26Տէրոջը վախին մէջ հաստատ վստահութիւն կայ. Ու անոր որդիները ապաւէն պիտի ունենան: 27Տէրոջը վախը կեանքի աղբիւր է՝ Մահուան որոգայթներէն ազատ մնալու համար: 28Ժողովուրդին բազմութիւնը թագաւորին պատիւն է. Բայց ժողովուրդին նուազութիւնը իշխանին կործանումն է: 29Երկայնամիտ մարդը շատ խոհեմ է. Իսկ կարճամիտը շատ յիմարութիւն կ’ընէ: 30Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է. Բայց նախանձը ոսկորներուն փտութիւն է: 31Աղքատին զրկանք ընողը անոր Ստեղծիչը կ’անարգէ. Բայց տնանկին ողորմութին ընողը զԱնիկա կը պատուէ: 32Ամբարիշտը իր չարութեանը համար կը վռնտուի. Բայց արդարը իր մահուան ատենը ապաւէն կ’ունենայ: 33Խելացի մարդուն սրտին մէջ իմաստութիւն կը հանգչի. Իսկ յիմարներուն ներսը եղածը կը ճանչցուի: 34Արդարութիւնը ազգը կը բարձրացնէ. Բայց մեղքը ժողովուրդներուն անարգանք է: 35Խոհեմ ծառային՝ թագաւորը կը հաճի. Բայց նախատինք բերող ծառային կը բարկանայ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)