Սողոմոնի Առակների գիրք
16
1Սրտին տրամադրութիւնները մարդուն կը վերաբերին. Բայց լեզուին պատասխանը Տէրոջմէն է: 2Մարդուն ամէն ճամբաները իրեն մաքուր կ’երևնան. Բայց Տէրը հոգիները կը կշռէ: 3Քու գործերդ Տէրոջը յանձնէ, Եւ քու խորհուրդներդ պիտի հաստատուին: 4Տէրը ամէն բան իր նպատակին համար ստեղծեց, Ու ամբարիշտն ալ՝ ձախորդ օրուան համար: 5Ամէն սրտով հպարտները Տէրոջը առջև պիղծ են, Ու թէև ձեռք ձեռքի տալով միաբանին, անպատիժ պիտի չմնան: 6Ողորմութեամբ և ճշմարտութեամբ անօրէնութիւնը կը քաւուի, Ու Տէրոջը վախովը մարդ չարութենէ կը հեռանայ: 7Երբ Տէրը մարդուն ճամբաներուն կը հաճի, Մինչև անգամ անոր թշնամիները կը հաշտեցնէ անոր հետ: 8Աղէկ է քիչ բան արդարութեամբ, Քան թէ մեծ եկամուտներ՝ անիրաւութեամբ: 9Մարդուն սիրտը իր ճամբան կը հնարէ. Բայց անոր քայլերը Տէրը կ’ուղղէ: 10Թագաւորին շրթունքներուն վրայ աստուածային ազդեցութիւն կայ. Անոր բերանը դատաստանի մէջ չսխալիր: 11Ուղիղ կշռորդը և կշիռքը Տէրոջն են. Մախաղին ամէն կշիռքի քարերը անոր գործն են: 12Չարագործութիւնը թագաւորներուն զզուելի է. Վասն զի աթոռը արդարութեամբ կը հաստատուի: 13Արդար շրթունքները թագաւորներուն հաճելի են, Ու շիտակ խօսողը կը սիրեն: 14Թագաւորին բարկութիւնը մահուան դեսպաններու պէս է. Բայց իմաստուն մարդը զանիկա կ’իջեցնէ: 15Թագաւորին երեսին լոյսը կեանք է, Ու անոր հաճութիւնը վերջին անձրևին ամպին պէս է: 16Իմաստութիւն ստանալը ոսկիէն ո՜րչափ աղէկ է, Եւ հանճար վաստըկիլը արծաթէն աւելի ընտիր է: 17Ուղիղներուն մեծ ճամբան չարութենէ հրաժարիլն է. Իր ճամբուն զգուշութիւն ընողը իր հոգին կը պահէ: 18Կոտորածին առջևէն հպարտութիւն, Ու կործանման առջևէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ: 19Խոնարհներուն հետ խոնարհ ըլլալը Հպարտներուն հետ աւար բաժնելէն աղէկ է: 20Գործի մէջ խելացութեամբ վարուողը բարիք կը գտնէ. Ու Տէրոջը ապաւինողը երանելի է: 21Իմաստուն սիրտ ունեցողը խոհեմ կ’ըսուի. Եւ շրթունքներուն քաղցրութիւնը գիտութիւն կ’աւելցնէ: 22Խոհեմութիւնը՝ ունեցողին կեանքի աղբիւր է. Բայց յիմարներուն խրատը յիմարութիւն է: 23Իմաստունին սիրտը իր բերնին իմաստութիւն կու տայ, Ու իր շրթունքներուն գիտութիւն կ’աւելցնէ: 24Վայելուչ խօսքերը մեղրի խորիսխին պէս են, Հոգիին քաղցր ու ոսկորներուն բժշկութիւն են: 25Ճամբայ կայ որ մարդուն շիտակ կ’երևնայ, Բայց անոր վախճանը մահուան ճամբաներն է: 26Աշխատող անձը իրեն համար կ’աշխատի. Քանզի իր բերանը կը պահանջէ իրմէ: 27Անօրէն մարդը չարութիւն կը փորէ, Ու անոր շրթունքներուն վրայ իբր թէ այրող կրակ մը կայ: 28Ծուռ մարդը կռիւ կը հանէ, Եւ քսուն մտերիմ բարեկամները կը զատէ: 29Անօրէն մարդը իր ընկերը կը խաբէ, Ու զանիկա գէշ ճամբաներ կը տանի. 30Նենգութիւններ մտածելու համար աչքերը կը գոցէ, Եւ շրթունքներ խածնելով չարութիւնը կը կատարէ: 31Մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է, Եթէ անիկա արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուի: 32Երկայնամիտ մարդը հզօր մարդէն աղէկ է, Ու իր ոգին զսպողը քաղաք առնողէն: 33Վիճակը ծոցը կը ձգուի, Բայց անոր ամէն կարգադրութիւնը Տէրոջմէն է:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981