Սողոմոնի Առակների գիրք
17
1Աղէկ է պատառ մը չոր հաց խաղաղութիւնով, Քան թէ տուն մը լեցուն զոհեր՝ կռիւով։ 2Խոհեմ ծառան նախատինք բերող որդիին կ’իշխէ, Ու եղբայրներու մէջ ժառանգութեան բաժին կ’առնէ։ 3Արծաթի համար հալոց՝ և ոսկիի համար քուրայ կայ, Բայց սիրտերը փորձողը Տէրն է։ 4Չար մարդը անիրաւին շրթունքներուն մտիկ կ’ընէ, Ու ստախօսը վնասակար լեզուին ականջ կը դնէ։ 5Աղքատը ծաղր ընողը անոր Ստեղծիչը կ’անարգէ, Եւ ձախորդութեան վրայ ուրախացողը անպատիժ պիտի չմնայ։ 6Որդւոց որդիները ծերերուն պսակն են, Եւ որդւոց պարծանքը իրենց հայրերն են։ 7Ընտիր խօսքը անզգամին չվայլեր․ Ո՜րչափ աւելի ստախօս շրթունքը՝ ազնուականին։ 8Պարգևը՝ գործածողին առջև պատուական գոհարի պէս է․ Ուր որ դառնայ՝ յաջողութիւն կը գտնէ։ 9Յանցանքը ծածկողը բարեկամութիւն կը փնտռէ․ Բայց զանիկա պատմողը մտերիմ բարեկամները կը զատէ։ 10Խոհեմ մարդուն աւելի կ’ազդէ մէկ յանդիմանութիւնը, Քան թէ հարիւր գաւազանի հարուած՝ յիմարին։ 11Չար մարդը միշտ ապստամբութիւն կը փնտռէ, Ու անոր խիստ պատգամաւոր կը ղրկուի։ 12Ալ աղէկ է ձագերը գողցուած արջուն առջև ելլել, Քան թէ յիմարի մը՝ անոր յիմարութեան ատենը։ 13Ով որ աղէկութեան փոխարէն չարիք կը հատուցանէ, Չարիքը անոր տունէն պակաս պիտի չըլլայ։ 14Կռիւին սկզբնաւորութիւնը ջուրին արձակմանը կը նմանի․ Ուրեմն վէճը չբռնկած՝ ետ քաշուէ։ 15Ամբարիշտը արդարացնողը և արդարը ամբարիշտ հանողը՝ Երկուքն ալ Տէրոջը առջև պիղծ են։ 16Իմաստութիւնը ծախու առնելու գինը ի՞նչ օգուտ ունի յիմարին ձեռքը, Որովհետև խելք չունի։ 17Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ, Ու եղբայրը նեղութեան ատենի համար ծնած է։ 18Պակասամիտ մարդը ձեռքը կու տայ, Ու իր բարեկամին համար երաշխաւոր կ’ըլլայ։ 19Կռիւ սիրողը յանցանք կը սիրէ․ Իր դուռը բարձրացնողը իր կործանումը կը փնտռէ։ 20Ծուռ սիրտ ունեցողը աղէկութիւն չգտներ, Ու նենգաւոր լեզուով մարդը չարիքի մէջ կ’իյնայ։ 21Յիմարը ծնանողը տրտմութիւն կը կրէ, Եւ անզգամին հայրը չուրախանար։ 22Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է․ Բայց կոտրած սիրտը ոսկորները կը չորցնէ։ 23Անօրէն մարդը ուրիշին ծոցէն կաշառք կ’առնէ, Որպէս զի արդարութեան ճամբաները ծռէ։ 24Իմաստութիւնը խոհեմ մարդուն առջև է, Բայց յիմարին աչքերը երկրի ծայրերն են։ 25Յիմար տղան իր հօրը տրտմութիւն Ու զինք ծնանողին դառնութիւն կ’ըլլայ։ 26Աղէկ չէ արդարէն տուգանք առնել։ Ոչ ալ իշխանները ծեծել՝ իրաւունք ընելնուն համար։ 27Իր խօսքերը զսպողը իմաստուն է, Ու երկայնամիտ մարդը հանճարեղ է։ 28Յիմարը անգամ եթէ լուռ կենայ, իմաստուն՝ Ու իր շրթունքները գոցողը հանճարեղ կը սեպուի։