Սողոմոնի Առակների գիրք

18

1Ինքնահաճոյ մարդը իր ցանկութիւնը կը փնտռէ Եւ ամէն խորհուրդի դէմ կը կենայ։ 2Յիմարը խոհեմութենէ չախորժիր, Հապա իր սրտին մէջ եղածը յայտնել կ’ուզէ։ 3Երբ ամբարիշտը գայ, անարգութիւն ալ կու գայ, Ու նախատինքի հետ խայտառակութիւն։ 4Մարդուն բերնին խօսքերը խորունկ ջուրեր են, Իմաստութեան աղբիւրը առատաբուղխ գետ է։ 5Դատաստանի մէջ արդարը սուտ հանելու համար՝ Ամբարշտին աչառութիւն ընելը աղէկ չէ։ 6Անմիտ մարդուն շրթունքները կռիւի մէջ կը մտնեն, Ու անոր բերանը ծեծը կը կանչէ։ 7Անմիտ մարդուն բերանը իրեն կործանում է, Եւ անոր շրթունքները իր անձին որոգայթ են։ 8Քսու մարդուն խօսքերը քաղցր պատառներու պէս են, Ու անոնք մինչև փորին շտեմարանները կ’իջնեն։ 9Ան որ իր գործին մէջ թոյլ է, Շռայլ մարդուն եղբայրն է։ 10Տէրոջը անունը ամուր աշտարակ է, Արդարը անոր կը դիմէ, ու ապահով ապաստանարան կ’ունենայ։ 11Հարուստին ստացուածքը իր ամուր քաղաքն է, Ու անոր երևակայութեանը մէջ բարձր բերդի պէս է։ 12Կոտորածէն առաջ մարդուն սիրտը կը հպարտանայ, Բայց փառքին առջևէն խոնարհութիւնը կ’երթայ։ 13Ով որ բան մը չլսած պատասխան կու տայ, Յիմարութիւն ու նախատինք է անոր։ 14Մարդուն հոգին իր հիւանդութեանը կը համբերէ․ Բայց վիրաւորուած հոգին ո՞վ կրնայ մխիթարել։ 15Խոհեմին սիրտը գիտութիւն կը վաստկի, Եւ իմաստուններուն ականջը գիտութիւն կը փնտռէ։ 16Մարդուն ընծան անոր ճամբայ կը բանայ, Ու զանիկա մեծերուն առջև կը տանի։ 17Իր դատը առաջուընէ սկսողը ունեցող կը սեպուի․ Բայց երբ իր ոսոխը գայ՝ զանիկա կը քննէ։ 18Վիճակը վէճերը կը դադրեցնէ, Ու զօրաւորներուն մէջտեղ որոշում կ’ընէ։ 19Վշտացած մը ամուր քաղաքէն անառիկ է, Եւ անոր վէճերը բերդի մը նիգերուն կը նմանին։ 20Մարդ մը իր բերնին պտուղէն իր փորը կը կշտացնէ, Ու իր շրթունքներուն արդիւնքէն կը կշտանայ։ 21Մահը ու կեանքը լեզուին ձեռքն են, Եւ զանիկա սիրողները անոր պտուղը կ’ուտեն։ 22Առաքինի գտնողը բարիք կը գտնէ։ Ու Տէրոջմէն շնորհք կը ստանայ։ 23Աղքատը աղաչելով կը խօսի, Բայց հարուստը խիստ պատասխան կու տայ։ 24Բարեկամներ ունեցող մարդը բարեկամութիւն ընելու է․ Ու եղբորմէ աւելի հաստատ բարեկամ կայ։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981