Սողոմոնի Առակների գիրք

19

1Իր կատարելութեան մէջ քալող աղքատը Նենգաւոր շրթունք ունեցող յիմարէն աղէկ է։ 2Հոգիին տգիտութիւնը աղէկ չէ, Ու ոտքերովը արտորացողը կը սահի։ 3Մարդուն յիմարութիւնը անոր ճամբան կ’աւրէ, Եւ անոր սիրտը Տէրոջը դէմ տրտունջ կ’ընէ։ 4Հարստութիւնը շատ բարեկամներ կ’աւելցնէ․ Բայց աղքատը իր բարեկամէն կը զատուի։ 5Սուտ վկան անպարտ պիտի չմնայ, Ու ստութիւններ խօսողը պիտի չազատի։ 6Շատերը առատաձեռն մարդուն հաճութիւնը կը փնտռեն, Ու ամէն մէկը պարգևատու մարդուն բարեկամ կ’ըլլայ։ 7Աղքատին բոլոր եղբայրները անկէ կը զզուին․ Անոր բարեկամները ա՛լ աւելի անկէ կը հեռանան․ Անիկա ոչինչ խօսքերու ետևէ կ’իյնայ։ 8Խելք վաստկողը իր հոգին կը սիրէ, Իմաստութիւն պահողը բարիք պիտի գտնէ։ 9Սուտ վկան անպարտ պիտի չմնայ, Ու ստութիւններ խօսողը պիտի կորսուի։ 10Յիմարին փափկութիւն չվայլեր, Ո՜րչափ աւելի ծառայի մը՝ իշխաններու վրայ իշխել։ 11Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ, Եւ յանցանք ներելը անոր պարծանք է։ 12Թագաւորին բարկութիւնը առոյգ առիւծի մռնչիւնին կը նմանի, Իսկ անոր հաճութիւնը խոտի վրայի ցօղին պէս է։ 13Անմիտ տղան իր հօրը թշուառութիւնն է, Ու կնոջ կռիւները շարունակ կաթիլներու պէս են։ 14Տունը ու ստացուածքը հայրերէն մնացած ժառանգութիւն են․ Բայց խոհեմ կինը Տէրոջմէն է։ 15Ծուլութիւնը խորունկ կը բերէ, Եւ թոյլ մարդը անօթի կը մնայ։ 16Պատուիրանքը պահողը իր հոգին կը պահէ․ Իր ճամբաները անարգողը պիտի մեռնի։ 17Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ, Ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ։ 18Քանի որ յոյս կայ՝ տղադ խրատէ, Եւ անոր մահուանը կամակից մի ըլլար։ 19Խիստ բարկացող մարդը վնաս կը կրէ, Վասն զի եթէ անգամ մը ազատես՝ նորէն ընելու ես։ 20Խրատը լսէ և կրթութիւնը ընդունէ, Որպէս զի քու վերջին ատենդ իմաստուն ըլլաս։ 21Մարդուն սրտին մէջ շատ դիտաւորութիւններ կան․ Բայց Տէրոջը խորհուրդը հաստատուն պիտի մնայ։ 22Մարդուն ողորմածութիւնը իր փառքն է, Ու աղքատը ստախօսէն աղէկ է։ 23Տէրոջը երկիւղը կեանքի պատճառ է, Եւ զանիկա ունեցողը կուշտ կը պառկի, ու ձախորդութեան չհանդիպիր։ 24Ծոյլը իր ձեռքը ամանին մէջ կը խոթէ, Ու զանիկա իր բերանը անգամ չդարձներ։ 25Ծաղր ընողը ծեծէ, ու միամիտը խելացի կ’ըլլայ, Եւ եթէ իմաստունը յանդիմանես՝ հանճարը կը հասկնայ։ 26Իր հայրը կործանողը ու իր մայրը վռնտողը Ամոթ ու նախատինք բերող տղայ մըն է։ 27Որդեակ իմ, ետ կեցիր այն խրատը մտիկ ընելէն, Որ քեզ իմաստութեան խօսքերէն կը խոտորցնէ։ 28Չար վկան արդարութիւնը ծաղր կ’ընէ, Ու ամբարիշտներուն բերանը անիրաւութիւն կը կլլէ։ 29Ծաղր ընողներուն համար դատաստաններ Եւ անմիտներուն կռնակին համար ծեծեր պատրաստուած են։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981