Սողոմոնի Առակների գիրք
2
Իմաստութեան վարձատրութիւնը
1Որդեակ իմ, եթէ իմ խօսքերս ընդունիս, Ու իմ պատուիրանքներս քովդ պահես, 2Այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս, Ու սիրտդ հանճարին բանաս, 3Եթէ դուն իմաստութիւնը քեզի կանչես, Եւ քու ձայնդ հանճարին ուղղես, 4Եթէ զանիկա արծաթի պէս փնտռես, Ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես, 5Այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս, Եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես. 6Վասն զի իմաստութիւնը Տէրը կու տայ. Գիտութիւնը ու հանճարը անոր բերնէն են: 7Անիկա ուղիղներուն համար փրկութիւն կը պահէ. Անիկա ուղղութեամբ քալողներուն վահանն է, 8Որպէս զի արդարութեան ճամբաները պաշտպանէ, Ու իր սուրբերուն ճամբան պահէ: 9Այն ատեն արդարութիւնը, դատաստանը և ուղղութիւնը, Ամէն աղէկ ճամբան պիտի հասկնաս: 10Երբ իմաստութիւնը քու սրտիդ մէջ մտնէ, Եւ գիտութիւնը քու հոգւոյդ ախորժելի ըլլայ, 11Խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ, Ու հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ. 12Որպէս զի քեզ չար մարդուն ճամբայէն, Նենգութիւններ խօսող մարդէն ազատէ. 13Անոնցմէ՝ որոնք ուղիղ ճամբան թողուցեր են, Որպէս զի խաւար ճամբաներու մէջ քալեն. 14Չարութիւն ընելով կ’ուրախանան, Եւ չարին նենգութիւններովը կը ցնծան. 15Որոնց ճամբաները ծուռ են, Ու անոնց ընթացքը խոտորնակ է: 16Որպէս զի նաև քեզ ազատէ օտար կնոջմէն, Շողոքորթութիւն խօսող օտար կնոջմէն. 17Որ իի երիտասարդութեան բարեկամը կը թողու, Եւ իր Աստուծոյն ուխտը կը մոռնայ. 18Քանզի անոր տունը մահուան կը տանի, Ու անոր շաւիղները՝ մեռելներուն: 19Անոր գացողները բնաւ չեն դառնար, Եւ կեանքի ճամբաներուն չեն հասնիր: 20Որպէս զի բարի մարդոց ճամբան երթաս, Ու արդարներուն շաւիղները պահես: 21Քանզի ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին, Եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան: 22Բայց ամբարիշտները երկրէ պիտի կորսուին, Ու անօրէնները անկէ պիտի փրցուին:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981