Սողոմոնի Առակների գիրք

20

1Գինին ծաղր ընող է, ու ցքին կռիւ հանող, Եւ ով որ ասոնց անձնատուր կ’ըլլայ, իմաստուն չըլլար։ 2Թագաւորին ահը առոյգ առիւծի մըռընչիւնին պէս է, Ու զանիկա բարկացնողը իր անձին վնաս կ’ընէ։ 3Կռիւէն ետ կենալը մարդուն է․ Բայց ամէն յիմար կռուասէր է։ 4Ծոյլը՝ Ձմեռ է ըսելով, գետինը չհերկեր․ Ուստի հունձքի ատենը պիտի մուրայ, ու բան մը պիտի չունենայ։ 5Մարդու մը սրտին մէջի խորհուրդը խորունկ ջուրերու պէս է․ Բայց խելացի մարդը զանիկա կը հանէ։ 6Մարդոցմէ շատերը իրենց բարերարութիւնը կը հրատարակեն․ Բայց հաւատարիմ մարդ մը ո՞վ կրնայ գտնել։ 7Իր անարատութեանը մէջ քալողը արդար է․ Անոր որդիները իր ետևէն երջանիկ պիտի ըլլան։ 8Դատաստանի աթոռը նստող թագաւորը Իր աչքերովը ամէն չարիքը կը ցրուէ։ 9Ո՞վ կրնայ ըսել թէ Իմ սիրտս սրբեցի, Իմ մեղքէս մաքրուեցայ։ 10Երկու տեսակ կշիռքի քար, երկու տեսակ չափ Հաւասարապէս Տէրոջը առջև պիղծ են։ 11Մինչև անգամ տղու մը վարքին մաքրութիւնը և ուղղութիւնը Անոր գործերէն կը հասկցուի։ 12Լսող ականջը ու տեսնող աչքը, Երկուքն ալ, Տէրը ստեղծեր է։ 13Քունը մի սիրեր, որպէս զի չըլլայ թէ աղքատանաս․ Աչքերդ բաց, որպէս զի հացով կշտանաս։ 14Ծախու առնողը Գէշ է, գէշ է, կ’ըսէ, Բայց երբ երթայ, այն ատեն կը պարծենայ։ 15 ու շատ գոհար կը գտնուի․ Բայց գիտութեան շրթունքները մեծագին զարդեր են։ 16Օտարականի մը երաշխաւոր եղողին զգեստը առ, Եւ օտար կնոջ համար երաշխաւոր եղողէն գրաւ առ։ 17Ստութեան հացը մարդուն ախորժելի է․ Բայց ետքը անոր բերանը խիճով պիտի լեցուի։ 18Դիտաւորութիւնը խորհրդով կը հաստատուի․ Ուստի խոհեմութեամբ ըրէ։ 19Բանսարկութեան պտըտողը գաղտնիքը կը յայտնէ․ Ուրեմն շրթունքներովը շողոքորթութիւն ընողին հետ հաղորդակցութիւն մի ըներ։ 20Ով որ իր հայրը ու մայրը կ’անիծէ, Անոր ճրագը մութ խաւարի մէջ պիտի մարի։ 21Կայ ժառանգութիւն որ սկիզբը արտորնօք կ’առնուի, Բայց անոր վերջը պիտի չօրհնուի։ 22Չարութեան փոխարէնը հատուցանեմ՝ մի ըսեր․ Տէրոջը սպասէ, ու անիկա քեզ պիտի ազատէ։ 23Երկու տեսակ կշիռքի քարը Տէրոջը առջև պիղծ է, Ու նենգաւոր կշիռքը աղէկ չէ։ 24Մարդուն քայլերը Տէրոջմէն են․ Ուստի մարդը իր ճամբան ի՞նչպէս հասկնայ, 25Անխորհրդաբար բան մը նուիրելը և ուխտ ընելէն ետքը քննութիւն ընելը Մարդուն որոգայթ մըն են։ 26Իմաստուն թագաւորը ամբարիշտները կը ցրուէ, Ու անիւը անոնց վրայ կը դարձնէ։ 27Մարդուն հոգին Տէրոջը լոյսն է, Սրտին բոլոր շտեմարանները կը քննէ։ 28Ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը թագաւորը կը պահեն, Անիկա ալ իր աթոռը ողորմութեամբ կը հաստատէ։ 29Երիտասարդներուն զարդը անոնց ոյժն է, Եւ ծերերուն փառքը ալեւորութիւնն է։ 30Վէրքի նշանները ու փորի շտեմարանները հասնող հարուածները Չար մարդուն մաքրողական դեղ են։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981