Սողոմոնի Առակների գիրք

21

1Թագաւորին սիրտը ջուրի վտակներու պէս է Տէրոջը ձեռքին մէջ․ Զանիկա ո՛ր կողմը ուզէ կը դարձընէ։ 2Մարդուն ամէն ճամբան իրեն ուղիղ կ’երևնայ․ Բայց Տէրը սիրտերը կը կշռէ։ 3Արդարութիւն և գործելը Զոհէն աւելի ընդունելի է Տէրոջը։ 4Աչքերու ամբարտաւանութիւնը և սրտի հպարտութիւնը Եւ ամբարիշտներուն լոյսը է։ 5Աշխատասէր մարդուն խորհուրդները միայն առատութիւն կը բերէն․ Բայց ամէն արտորացող՝ միայն կարօտութիւն կը բերէ։ 6Սուտ լեզուով գանձեր վաստըկիլը Մահը փնտռողներուն հալածած ունայնութիւնն է։ 7Ամբարիշտներուն բռնութիւնը զանոնք պիտի կորսնցնէ․ Վասն զի իրաւունք ընել չեն ուզեր։ 8Երբ մարդուն ճամբան ծուռ է, կը խոտորի․ Բայց մաքուր եղողին գործը ուղիղ է։ 9Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ՝ Քան թէ կռուասէր կնոջ հետ մեծ տան մէջ։ 10Ամբարիշտ մարդուն հոգին չարութեան կը ցանկայ, Ու անոր ընկերը անոր առջև շնորհք չգտներ։ 11Եթէ ծաղր ընողը տուգանքի հանդիպի, միամիտը իմաստուն կ’ըլլայ, Եւ եթէ իմաստունը խրատուի, գիտութիւն կը ստանայ։ 12Արդարը խոհեմութեամբ ամբարշտին տունը կը դիտէ, Երբ ամբարիշտները չարութեան համար կը կործանին։ 13Ով որ աղքատին աղաղակը չլսելու համար իր ականջը կը գոցէ, Ինք ալ պիտի աղաղակէ, ու իրեն լսող պիտի չըլլայ։ 14Գաղտնի պարգևը բարկութիւնը կ’իջեցնէ, Եւ ծոցը դրուած ընծան սաստիկ կատաղութիւնը կը դադրեցնէ։ 15Իրաւունք ընելը արդարին ուրախութիւն է․ Բայց անիրաւութիւն ընողներուն տանջանք է։ 16Խոհեմութեան ճամբայէն մոլորող մարդը Մեռելներուն ժողովքին մէջ կ’իջնէ։ 17Ուրախութիւն սիրողը կարօտութեան մէջ կ’իյնայ․ Գինին ու իւղը սիրողը չհարստանար։ 18Ամբարիշտը արդարին համար, Ու անօրէնը ուղիղներուն համար փÁրկանք կ’ըլլայ։ 19Աղէկ է տեղ բնակիլ՝ Քան թէ կռուասէր ու բարկացող կնոջ հետ։ 20Իմաստունին բնակարանին մէջ ցանկալի գանձ ու իւղ կը գտնուի․ Բայց անմիտ մարդը իր ունեցածը կը կլլէ։ 21Արդարութեան ու ողորմածութեան հետեւողը Կեանք, արդարութիւն և պիտի գտնէ։ 22Իմաստունը զօրաւորներուն քաղաքը կ’ելլէ, Եւ անոնց ապաւինած ամրութիւնը կը փլցնէ: 23Իր բերանը ու լեզուն պահողը Իր հոգին նեղութիւններէն կը պահէ։ 24Հպարտութեամբ և բարկութեամբ վարուող մարդուն անունը Հպարտ և յանդուգն ծաղը ընող կ’ըսուի։ 25Ծոյլին ցանկութիւնը զանիկա կը մեռցնէ․ Վասն զի անոր ձեռքերը աշխատիլ չեն ուզեր։ 26Անիկա ամէն օր սաստիկ կը ցանկայ․ Իսկ արդարը կու տայ ու չխնայեր։ 27Ամբարիշտներուն զոհը պիղծ է, Մանաւանդ երբ զանիկա չար դիտաւորութեամբ կը մատուցանեն։ 28Սուտ վկան պիտի կորսուի․ Բայց լսող մարդը հաւատարմութեամբ պիտի խօսի։ 29Ամբարիշտ մարդը իր երեսը կը պինդցնէ․ Բայց ուղիղը իր ճամբաները կը շիտկէ։ 30Իմաստութիւն, հանճար կամ խորհուրդ մը չկայ Որ Տէրոջը դէմ կենայ։ 31Պատերազմի օրուան համար ձին կը պատրաստուի․ Բայց փրկութիւնը Տէրոջմէն է։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981