Սողոմոնի Առակների գիրք
22
1Բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է․ Ու շնորհքը արծաթէն ու ոսկիէն աղէկ է։ 2Հարուստը ու աղքատը իրարու կը հանդիպին․ Անոնց ամէնը ստեղծողը Տէրն է։ 3Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ․ Բայց միամիտները յառաջ կ’անցնին ու վնաս կը կրեն։ 4Խոնարհութեան և Տէրոջը երկիւղին վախճանը Հարստութիւն, փառք ու կեանք է։ 5Ծուռ մարդուն ճամբուն մէջ փուշեր ու որոգայթներ կան․ Իր հոգին պահողը անոնցմէ հեռու կ’ըլլայ։ 6Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, Որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի։ 7Հարուստը աղքատներուն վրայ կը տիրէ, Ու փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ։ 8Չարութիւն ցանողը ունայնութիւն կը հնձէ, Եւ անոր բարկութեանը գաւազանը պիտի կորսուի։ 9Աղէկ աչք ունեցողը օրհնեալ կ’ըլլայ, Վասն զի իր հացէն աղքատին կու տայ։ 10Ծաղր ընողը եթէ վռնտես, կռիւը կ’անցնի, Ու վէճը և անարգանքը կը դադարին։ 11Սրտի մաքրութիւն սիրողին շրթունքներուն վրայ շնորհք կայ, Ու թագաւորը անոր բարեկամ կ’ըլլայ։ 12Տէրոջը աչքերը գիտութիւնը կը պահպանեն, Եւ ինք անօրէնին խօսքերը կ’աւրէ։ 13Ծոյլը կ’ըսէ, Դուրսը առիւծ կայ, Հրապարակին մէջ պիտի մեռցուիմ։ 14Օտար կիներուն բերանը խորունկ փոս է, Տէրոջը ատելի եղողը հոն կ’իյնայ։ 15Մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է․ Զանիկա խրատի գաւազանը կը հեռացնէ անկէ։ 16Իր ստացուածքը շատցնելու համար աղքատին զրկանք ընողը Ու հարուստին տուողը անշուշտ կարօտութեան կը հասնի։
Երեսուն իմաստուն խօսքեր
17Ականջդ ծռէ ու իմաստուններուն խօսքերը մտիկ ըրէ, Եւ քու սիրտդ իմ գիտութեանս տուր․ 18Վասն զի եթէ անոնք քու սրտիդ մէջ պահես, հաճելի բան է․․ Անոնք քու շրթունքներուդ վրայ ալ պիտի հաստատուին։ 19Ահա քեզի այս բաները այսօր իմացուցի, Որպէս զի քու ապաւինութիւնդ Տէրոջը վրայ ըլլայ։ 20Միթէ ես քեզի շատ անգամ խրատներով Ու գիտութեամբ չգրեցի՞, 21Որպէս զի քեզի ճշմարիտ խօսքերուն ստուգութիւնը սորվեցնեմ, Որպէս զի քեզի հարցնողներուն ճշմարիտ խօսքերով պատասխան տաս։ -1- 22Աղքատը մի կողոպտեր իր աղքատութեանը համար, Ու տնանկը դատաստանի մէջ մի կոխեր, 23Վասն զի Տէրը անոնց իրաւունքը պիտի պաշտպանէ, Եւ զանոնք կողոպտողներուն հոգին պիտի կողոպտէ։
-2-
24Բարկացող մարդուն հետ ընկերութիւն մի ըներ, Ու ցասկոտ մարդուն հետ մի երթար․ 25Որպէս զի չըլլայ թէ անոր ճամբաները սորվիս, Եւ քու հոգւոյդ որոգայթ վաստկիս։
-3-
26Ձեռք տուողներէն մի ըլլար, Ոչ ալ պարտքի համար երաշխաւոր եղողներէն։ 27Եթէ վճարելու կարողութիւն չունիս, Ինչո՞ւ համար տակէդ քու անկողինդ առնեն։
-4-
28Չըլլայ որ տեղէն վերցնես այն վաղեմի սահմանին նշանը, Զոր քու հայրերդ դրեր են։
-5-
29Իր գործին մէջ ժիր մարդ մը կը տեսնե՞ս, Անիկա թագաւորներուն առջև պիտի կայնի․ Աննշան մարդոց առջև պիտի չկայնի։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981