Սողոմոնի Առակների գիրք

23

-6-

1Երբ իշխանի հետ նստիս, Առջևդ դրուածը աղէկ նայէ, 2Ու եթէ դուն ախորժակի տէր մարդ ես, Կոկորդիդ վրայ դանակ դիր։ 3Անոր ազնիւ կերակուրներուն մի ցանկար․ Վասն զի անոնք խաբէութեան են։

-7-

4Հարուստ ըլլալու մի աշխատիր․ Քու խորհուրդէդ ետ կեցիր։ 5Աչք պիտի տնկե՞ս այն բանին որ ոչինչ է, Անիկա անշուշտ իրեն թևեր կը շինէ, Ու արծիւի պէս օդը կը թռչի։

-8-

6Չար աչք ունեցողին հացը մի ուտեր, Եւ անոր ազնիւ կերակուրներուն մի ցանկար․ 7Վասն զի անիկա իր սրտին մէջ ինչպէս կը մտածէ, այնպէս է․ Կեր ու խմէ՝ կ’ըսէ քեզի, Բայց անոր սիրտը քեզի հետ չէ։ 8Կերած պատառդ պիտի փսխես, Ու հաճելի խօսքերդ պիտի կորսնցնես:

-9-

9Յիմարին ականջներուն մի խօսիր, Քանզի քու խօսքերուդ իմաստութիւնը կ’անարգէ:

-10-

10Վաղեմի սահմանին նշանը տեղէն մի վերցներ, Ու որբերուն արտերը մի մտներ. 11Քանզի անոնց Վրեժխնդիրը զօրաւոր է, Եւ քեզի դէմ անոնց իրաւունքը անիկա պիտի պաշտպանէ:

-11-

12Քու սիրտդ խրատի տուր, Ու ականջներդ՝ գիտութեան խօսքերուն:

-12-

13Տղայէն խրատը մի կտրեր, Վասն զի եթէ զանիկա գաւազանով ծեծես, չմեռնիր: 14Դուն անիկա գաւազանով կը ծեծես, Բայց անոր հոգին դժոխքէն կ’ազատես:

-13-

15Որդեակ իմ, եթէ քու սիրտդ իմաստուն ըլլայ, Իմ սիրտս ալ պիտի ուրախանայ: 16Ու երբ քու շրթունքներդ ուղիղ բաներ խօսին, Իմ երիկամունքներս պիտի ցնծան:

-14-

17Քու սիրտդ մեղաւորներուն չնախանձի, Հապա ամէն օր Տէրոջը վախին մէջ եղիր: 18Վասն զի իրաւցընէ վախճան մը կայ, Ու քու յոյսդ պիտի չկտրի:

-15-

19Որդեակ իմ, լսէ, ու իմաստուն եղիր, Եւ քու սիրտդ ուղիղ ճամբուն մէջ շիտկէ: 20Մի ընկերանար գինեմոլներուն հետ, Ու իրենց մարմինը մաշողներուն հետ. 21Վասն զի գինեմոլը ու շռայլը կ’ըլլան. Եւ շատ քունը պատռտած հանդերձներ կը հագցնէ:

-16-

22Հնազանդութիւն ըրէ հօրդ որ քեզ ծներ է, Ու մի անարգեր քու մայրդ երբ կը պառւի: 23Ճշմարտութիւնը ծախու առ ու զանիկա մի ծախեր. Նմանապէս իմաստութիւնը, խրատը ու հանճարը: 24Արդարին հայրը շատ պիտի ցնծայ, Եւ իմաստուն զաւակ ծնանողը անոր վրայ պիտի ուրախանայ: 25Թող քու հայրդ ու մայրդ քու վրադ ուրախանան, Ու քեզ ծնանողը թող ցնծայ:

-17-

26Որդեակ իմ, քու սիրտդ ինծի տուր, Եւ քու աչքերդ թող իմ ճամբաներս դիտեն. 27Վասն զի պոռնիկը խորունկ փոս է, Ու օտար կինը նեղ ջրհոր է. 28Եւ անիկա գողի պէս դարանը կը մտնէ, Ու մարդոց մէջ անհաւատարիմները կ’աւելցնէ:

-18-

29Որո՞ւն է վայը. որո՞ւն է ոհը. Որո՞ւն են կռիւները. որո՞ւն են տըրտունջները. Որո՞ւն են առանց պատճառի վէրքերը. Որո՞ւն է աչքերու կարմրութիւնը: 30Գինիին քով մնացողներուն, Խառնած գինին փնտռելու գացողներուն: 31Մի նայիր գինիին կարմրութեանը, Գաւաթին մէջ իր գոյնը ցուցնելուն ու շիտակ վազելուն: 32Անիկա ետքը օձի պէս կը խածնէ Ու քարբի պէս կը խայթէ: 33Անկէ ետքը քու աչքերդ օտար կիներու պիտի նային, Եւ քու սիրտդ ծուռ բաներ պիտի խօսի. 34Եւ ծովու մէջ պառկողի պէս՝ Ու կայմի վրայ պառկողի պէս պիտի ըլլաս: 35Եւ պիտի ըսէս, Զիս ծեծեցին, ու ես ցաւ մը չզգացի, Ինծի զարկին, ու ես բան մը չիմացայ. Ե՞րբ պիտի արթննամ, Որպէս զի զանիկա նորէն փնտռեմ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981