Սողոմոնի Առակների գիրք
24
-19-
1Չար մարդոց մի նախանձիր, Ու անոնց հետ կենալու մի ցանկար. 2Վասն զի անոնց սիրտը բռնութիւն կը խորհի, Եւ անոնց շրթունքները վնասներու վրայով կը խօսին:
-20-
3Տունը իմաստութեամբ կը շինուի, Ու հանճարով կը հաստատուի: 4Եւ շտեմարանները գիտութեամբ՝ Ամէն տեսակ պատուական ու վայելուչ գանձերով կը լեցուին:
-21-
5Իմաստուն մարդը զօրաւոր կ’ըլլայ, Ու գիտութիւն ունեցողը ոյժը կ’աւելցնէ. 6Վասն զի պատերազմդ խոհեմութեամբ կ’ընես. Եւ ազատութիւնը խորհրդականներու շատութիւնով կ’ըլլայ:
-22-
7Իմաստութիւնը յիմարին համար շատ բարձր է. Անիկա դրանը մէջ իր բերանը չբանար:
-23-
8Ով որ չարութիւն ընել կը մտածէ, Անիկա նենգամիտ պիտի ըսուի: 9Յիմարութեան խորհուրդը մեղք է, Եւ ծաղր ընողը մարդոց զզուելի է:
-24-
10Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, Ոյժդ քիչ է:
-25-
11Ազատէ զանոնք որ մեռցուելու կը տարուին, Ու սպաննուելու վրայ եղողները ազատելէն ետ մի կենար: 12Եթէ ըսես թէ Մենք ասիկա չգիտցանք, Ահա սիրտերը կշռողը ինք կը հասկնայ. Ու քու հոգիդ պաշտպանողը ինք գիտէ, Եւ ամէն մարդուն իր գործին չափովը պիտի հատուցանէ:
-26-
13Որդեակ իմ, մեղր կեր, որ աղէկ է, Եւ մեղրախորիսխ կեր, որ քիմքիդ քաղցր է: 14Իմաստութեան ճանաչումն ալ քու հոգիիդ այնպէս քաղցր պիտի ըլլայ, Եթէ զանիկա գտնես. Եւ վախճան մը կայ, Ու քու յոյսդ պիտի չկտրի:
-27-
15Ով չար, արդարին տանը դարանակալ մի ըլլար, Անոր բնակարանը մի աւրեր: 16Վասն զի արդարը թէև եօթը անգամ ալ իյնայ՝ պիտի կանգնի. Բայց չարերը ձախորդութեան մէջ պիտի իյնան:
-28-
17Երբ քու թշնամիդ իյնայ՝ մի ուրախանար, Ու երբ անոր ոտքը սահի՝ քու սիրտդ թող չցնծայ: 18Չըլլայ որ Տէրը տեսնէ ու իրեն անհաճոյ երևնայ, Եւ իր բարկութիւնը անոր վրայէն դարձնէ:
-29-
19Չարագործներուն համար մի սըրտմտիր, Ու ամբարիշտներուն մի նախանձիր. 20Վասն զի չար մարդը բարի վախճան չունենար. Ամբարիշտներուն ճրագը պիտի մարի:
-30-
21Որդեակ իմ, Տէրոջմէ ու թագաւորէն վախցիր, Եւ խռովարար մարդոց հետ մի խառնուիր. 22Քանզի անոնց կործանումը յանկարծ կ’ըլլայ, Ու երկուքին ալ պատուհասը ո՞վ գիտէ:
Շարունակութիւն իմաստուն խօսքերու
23Այս բաներն ալ իմաստուններուն յատուկ են. Դատաստանի մէջ աչառութիւն ընելը աղեկ չէ: 24Ով որ ամբարշտին կ’ըսէ թէ Դուն արդար ես, Ազգերը անոր անէծք պիտի տան, Ու ժողովուրդները զանիկա պիտի անարգեն: 25Բայց յանդիմանութիւն տուողներուն շնորհք կ’ըլլայ, Եւ անոնց վրայ բարի օրհնութիւն կու գայ: 26Շիտակ պատասխան տուողը Շրթունքներ կը համբուրէ: 27Դուրսի գործդ կանոնաւորէ, Եւ զանիկա քու արտիդ մէջ կարգի դիր, Ու տունդ ետքը շինէ: 28Քու դրացիիդ դէմ զուր տեղ վկայութիւն մի ըներ, Եւ քու շրթունքներովդ մի խաբեր: 29Մի ըսեր թէ Անիկա ինծի ինչպէս որ ըրաւ, ես ալ անոր այնպէս պիտի ընեմ, Այն մարդուն իր գործին համեմատ հատուցում պիտի ընեմ: 30Ծոյլ մարդուն արտին քովէն՝ Ու պակասամիտ մարդուն այգիին քովէն անցայ. 31Եւ ահա ամէնուն մէջ փուշեր բուսեր էին, Ու անոնց երեսը եղինճներ ծածկեր էին, Եւ անոր քարէ պատը փլած էր. 32Ու երբ զանիկա տեսայ՝ մտքիս մէջ պահեցի, Անոր նայեցայ ու անկէ խրատ առի: 33Եթէ քիչ մը քնանաս, քիչ մը նիրհես, Ու քիչ մը ձեռք ձեռքի վրայ դնես ննջելու համար, 34Քու աղքատութիւնդ ճամբորդի պէս պիտի գայ, Եւ քու կարօտութիւնդ՝ սպառազինեալ մարդու պէս:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981