Սողոմոնի Առակների գիրք
26
1Ինչպէս ամառուան մէջ ձիւն, և հունձքի ատեն անձրև, Այնպէս յիմարին պատիւ չվայլեր: 2Ինչպէս ճնճղուկը կը պտըտի, ու ծիծեռնիկը կը թռչի, Այնպէս առանց պատճառի անէծքը չգար: 3Ձիուն խարազան, ու իշուն սանձ, Եւ յիմարներուն կռնակին գաւազան պէտք է: 4Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան մի տար, Չըլլայ որ դուն ալ անոր նման ըլլաս: 5Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան տուր, Չըլլայ որ անիկա զինք իմաստուն կարծէ: 6Յիմարին ձեռքով խօսք ղրկողը Իր ոտքերը կը կտրէ ու վնաս կը քաշէ: 7Ինչպէս կաղին ոտքերը կ’երերան, Այնպէս յիմարին բերնին մէջ առակը: 8Յիմարին պատիւ տուողը Քարակոյտի մը մէջ պատուական քարերու ծրար դնողին կը նմանի: 9Առակը յիմարին բերնին մէջ՝ Գինովին ձեռքը մտնող փուշին պէս է: 10Մեծ է ամէն բան Ստեղծողը, Որ յիմարին վարձք կու տայ, և յանցաւորներուն վարձք կու տայ: 11Ինչպէս շունը իր փսխածին կը դառնայ, Այնպէս յիմարը իր յիմարութեանը կը դառնայ: 12Զինք իմաստուն կարծող մարդ մը տեսա՞ր. Աւելի յոյս կայ յիմարէն քան թէ անկէ: 13Ծոյլը կ’ըսէ թէ Ճամբուն մէջ առիւծ կայ, Հրապարակներուն մէջ առիւծ: 14Ինչպէս դուռը իր ծղխնիներուն վրայ կը դառնայ, Այնպէս ծոյլը իր անկողինին վրայ: 15Ծոյլը իր ձեռքը ամանին մէջ կը խոթէ, Ու բերանը անգամ տանելու դժուարութիւն կը զգայ: 16Ծոյլը իր աչքերուն՝ Խելացի պատասխան տուող եօթը մարդէն աւելի իմաստուն կ’երեւնայ: 17Իրենը չեղած դատին համար բարկացող անցաւորը Շունը ականջներէն բռնողին պէս է: 18Ինչպէս կատղած մարդը որ կրակի կայծեր, նետեր ու մահ կը ցանէ, 19Այնպէս է այն մարդը որ իր բարեկամին նենգութիւն կ’ընէ, Ու ետքը կ’ըսէ, Ահա կատակ ըրի: 20Առանց փայտի կրակը կը մարի, Եւ եթէ քսու չըլլայ, կռիւը կը դադարի: 21Ինչպէս ածուխը կայծերուն, ու փայտը կրակին, Այնպէս է կռուասէր մարդը վէճ բըռնըկցնելու: 22Քսու մարդուն խօսքերը քաղցր պատառներու պէս են, Ու անոնք մինչև փորին շտեմարանները կ’իջնեն: 23Եռանդուն շրթունքները և չար սիրտը Արծաթի կղկղանքով ապիկած հողէ ամանի կը նմանին: 24Ատեցողը իր շրթունքներովը կը կեղծէ, Ու սրտին մէջ նենգութիւն կը պահէ: 25Անոր գեղեցիկ խօսուածքին չհաւատաս. Վասն զի անոր սրտին մէջ եօթը զզուելի բան կայ: 26Ան որ իր ատելութիւնը նենգութեամբ կը ծածկէ, Անոր չարութիւնը ժողովքի մէջ պիտի յայտնուի: 27Փոս փորողը ինք մէջը պիտի իյնայ, Եւ ան որ քար կը գլորէ՝ իրեն պիտի դառնայ: 28Ստախօս լեզուն իր ծեծածները կ’ատէ, Ու շողոքորթող բերանը կորուստ կ’ընէ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981