Սողոմոնի Առակների գիրք
28
Ծանօթութիւն
1Ամբարիշտը առանց մէկուն հալածելուն կը փախչի. Բայց արդարները առոյգ առիւծի պէս քաջասիրտ կ’ըլլան: 2Երկրին յանցանքովը անոր իշխանները շատ կ’ըլլան. Բայց անոր վիճակը իմաստուն ու գիտուն մարդուն ձեռքով շատ ատեն կը դիմանայ: 3Աղքատները զրկող չքաւոր մարդը Հացի կարօտութիւն բերող յորդահոս անձրևի պէս է: 4Օրէնքը մերժողները ամբարիշտները կը գովեն. Բայց օրէնքը պահողները անոնց դէմ կը կենան: 5Չար մարդիկ իրաւունքը չեն հասկնար. Բայց Տէրը փնտռողները ամէն բան կը հասկնան: 6Իր կատարելութեանը մէջ քալող աղքատը՝ Ծուռ ճամբաներու մէջ քալող հարուստ մարդէն աղէկ է: 7Օրէնքը պահողը իմաստուն տղայ է. Բայց շռայլներուն բարեկամ եղողը իր հայրը կ’ամչցնէ: 8Իր ստացուածքը տոկոսիքով և վաշխով աւելցնողը զանիկա աղքատին ողորմութիւն ընողին համար կը ժողվէ: 9Ան որ օրէնքը մտիկ ընելէն ետ կը դարձնէ իր ականջը, Անոր աղօթքը անգամ պիղծ է: 10Ուղիղները չար ճամբու մէջ մոլորեցնողը իր փոսին մէջ պիտի իյնայ. Սակայն արդարները բարիք պիտի ժառանգեն: 11Հարուստ մարդը իր աչքերուն իմաստուն կ’երևնայ. Բայց հանճարեղ աղքատը զանիկա կը քննէ: 12Երբ արդարները ուրախանան, մեծ փառք կ’ըլլայ. Բայց երբ ամբարիշտները բարձրանան, մարդ կը փնտռուի: 13Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չգտներ, Բայց զանոնք խոստովանողը ու մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ: 14Միշտ վախցող մարդը երանելի է. Բայց իր սիրտը խստացնողը չարիքի մէջ պիտի իյնայ: 15Աղքատ ժողովուրդի վրայ իշխող ամբարիշտը Մռնչող առիւծի ու անյագ արջու կը նմանի: 16Խոհեմութիւն չունեցող իշխանը շատ զրկողութիւններ կ‘ընէ. Բայց ագահութենէ զզուողը իր կեանքը կ’աւելցնէ: 17Արիւնապարտ մարդը մինչև գուբը կը փախչի. Թող մէ՛կը չպաշտպանէ զանիկա: 18Կատարելութեամբ քալողը փրկութիւն կը գտնէ. Բայց ծուռ մարդը որ երկու ճամբով կը քալէ, անոնց մէկուն մէջ կ’իյնայ: 19Իր երկիրը գործողը հացով պիտի կշտանայ, Ու դատարկ մարդոց հետևողը աղքատութեամբ պիտի լեցուի: 20Հաւատարիմ մարդը շատ օրհնութիւններ կ’առնէ. Բայց հարուստ ըլլալու արտորացողը պիտի չարդարանայ: 21Աչառութիւն ընել աղէկ չէ, Վասն զի պատառ մը հացի համար մարդ յանցանք կը գործէ: 22Չար աչք ունեցող մարդը հարուստ ըլլալու կ’արտորայ, Ու չգիտեր որ իր վրայ աղքատութիւն պիտի գայ: 23Մարդ յանդիմանողը վերջապէս շնորհք կը գտնէ՝ Լեզուով շողոքորթութիւն ընողէն աւելի: 24Ան որ իր հայրը կամ մայրը կը կողոպտէ, ըսելով թէ Յանցանք չէ, Անիկա ապականարար մարդուն ընկերն է: 25Հպարտ սիրտ ունեցող մարդը կռիւ կը հանէ. Բայց Տէրոջը ապաւինողը պիտի գիրնայ: 26Իր սրտին ապաւինողը անմիտ է. Բայց իմաստութեամբ քալողը պիտի ազատի: 27Աղքատին տուողը կարօտ չըլլար. Բայց անկէ երես դարձնողը շատ անէծքներ կ’առնէ: 28Եթէ ամբարիշտները բարձրանան, մարդիկ կը պահուին. Բայց եթէ անոնք կորսուին, արդարները կը շատնան:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981