Սողոմոնի Առակների գիրք
29
1Շատ անգամ յանդիմանուած մարդը որ իր պարանոցը կը խստացնէ, Յանկարծ պիտի կոտրուի ու բժշկութիւն պիտի չգտնէ: 2Եթէ արդարները զօրանան, ժողովուրդը կ’ուրախանայ. Բայց երբ ամբարիշտը իշխանութիւն կ’ունենայ, ժողովուրդը կը հեծէ: 3Իմաստութիւն սիրող մարդը իր հայրը կ’ուրախացնէ. Բայց պոռնիկներուն ընկեր եղողը ստացուածքը կը ցրուէ: 4Թագաւորը արդարութեամբ կը հաստատէ իր երկիրը․ Բայց կաշառք առնողը զանիկա կը կործանէ: 5Իր ընկերին շողոքորթութիւն ընող մարդը Անոր քայլերուն որոգայթ կը լարէ: 6Չար մարդուն ամբարշտութեանը մէջ որոգայթ կայ. Բայց արդարը ցնծութեան և ուրախութեան մէջ պիտի ըլլայ: 7Արդարը աղքատներուն դատը գիտէ. Բայց չար մարդը տեղեակ չըլլար: 8Ծաղր ընող մարդիկ քաղաքը կը բռնկցնեն, Բայց իմաստունները բարկութիւնը կը դադրեցնեն: 9Իմաստուն մարդը երբ յիմարին հետ վիճաբանութիւն կ’ընէ, Թէ՛ սրդողի և թէ՛ ծիծաղի՝ հանգիստ չըլլար: 10Արիւնահեղ մարդիկ արդարը կ’ատեն. Բայց ուղիղները անոր որպիսութիւնը կը հարցնեն: 11Յիմարը իր միտքը բոլորովին կը յայտնէ. Բայց իմաստունը զանիկա ուրիշ ատենի կը պահէ: 12Սուտ խօսքերու ականջ դնող իշխանին Բոլոր ծառաները չար կ’ըլլան: 13Աղքատը ու բռնաւորը իրարու հանդիպեցան. Երկուքին ալ աչքերուն լոյս տուողը Տէրն է: 14Աղքատները ճշմարտութեամբ դատող թագաւորին աթոռը Յաւիտեան հաստատ կ’ըլլայ: 15Գաւազանը ու յանդիմանութիւնը իմաստութիւն կու տան. Բայց իր կամքին ձգուած տղան իր մայրը կ’ամչցնէ: 16Երբ ամբարիշտները շատնան, յանցանքը կը շատնայ. Բայց արդարները անոնց իյնալը պիտի տեսնեն: 17Խրատէ քու որդիդ, որպէս զի քեզ հանգստացնէ, Եւ քու հոգիդ զուարճացնէ: 18Առանց մարգարէութեան ժողովուրդը կը խոտորի. Բայց օրէնքը պահողը երջանիկ կ’ըլլայ: 19Հասկցող ու պատասխան չտուող ծառան Խօսքերով չխրատուիր: 20Իր խօսքերուն մէջ արտորացող մարդ մը տեսա՞ր. Աւելի յոյս կայ յիմարէն քան թէ անկէ: 21Եթէ մէկը իր ծառան տղայութենէն փափկութեամբ կը մեծցնէ, Վերջապէս անիկա իր տղան կ’ըլլայ: 22Բարկասիրտ մարդը կռիւ կը հանէ, Եւ ցասկոտ մարդը շատ յանցանքներ կը գործէ: 23Մարդուն հպարտութիւնը զինք կը կործանէ. Բայց հեզահոգի մարդը փառք կը վաստկի: 24Գողին ընկեր եղողը իր հոգին կ’ատէ, Անիկա երդումը կը լսէ, ու իր գիտցածը չյայտներ: 25Մարդու վախը որոգայթի մէջ կը ձգէ. Բայց Տէրոջը ապաւինողը ամուր ապաստանարան կ’ունենայ: 26Շատերը իշխանին երեսը կը փնտռեն. Բայց մարդուն իրաւունքը Տէրոջմէն է: 27Անօրէն մարդը արդարներուն զզուելի է, Եւ ուղղութեամբ քալողը ամբարշտին զզուելի է: