Սողոմոնի Առակների գիրք
3
Յորդորանք երիտասարդներուն
1Որդեակ իմ, մի մոռնար իմ օրէնքս, Հապա քու սիրտդ թող իմ պատուիրանքներս պահէ. 2Վասն զի քեզի երկայն օրեր ու կենդանութեան տարիներ Եւ յաջողութիւն պիտի պիտի աւելցնեն: 3Ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը քեզ չթողուն. Զանոնք քու պարանոցիդ վրայ կապէ, Քու սրտիդ տախտակին վրայ գրէ զանոնք: 4Այսպէս Աստուծոյ և մարդոց առջև Շնորհք ու բարի համարում պիտի գտնես: 5Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ, Եւ քու իմաստութեանդ մի վստահիր: 6Քու ամէն ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր, Ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ: 7Դուն քու աչքիդ առջև իմաստուն մի ըլլար. Տէրոջմէ վախցիր ու չարութենէ ետ քաշուէ: 8Ասիկա քու ջիղերուդ առողջութիւն, Եւ քու ոսկորներուդ պարարտութիւն կ’ըլլայ: 9Տէրոջը պատիւ ըրէ քու ստացուածքէդ Եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներէն. 10Եւ քու շտեմարաններդ առատութիւնով պիտի լեցուին, Ու հնձաններէդ նոր գինին դուրս պիտի թափի: 11Որդեակ իմ, Տէրոջը խրատը մի անարգեր, Ու անոր յանդիմանութենէն մի թուլնար. 12Վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ, Ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւակին կ’ընէ: 13Երանի՜ այն մարդուն որ իմաստութիւն կը գտնէ, Ու այն մարդուն՝ որ հանճար կը ստանայ. 14Վասն զի անոր շահը արծաթի շահէն աղէկ է, Ու անոր արդիւնքը՝ մաքուր ոսկիէն: 15Անիկա գոհարներէն պատուական է. Եւ քու բոլոր ցանկալի բաներդ չեն կրնար անոր հաւասարիլ: 16Անոր աջ ձեռքին մէջ օրերու երկայնութիւն, Եւ ձախ ձեռքին մէջ հարստութիւն ու փառք կայ: 17Անոր ճամբաները հաճոյական ճամբաներ են, Եւ անոր բոլոր շաւիղները խաղաղութիւն են: 18Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ է. Ու զինք բռնողները երջանիկ կ’ըլլան: 19Տէրը իմաստութիւնով հիմնեց երկիրը, Եւ հանճարով հաստատեց երկինքը: 20Անոր գիտութիւնովը անդունդները կը պատռին, Ու ամպերը ցօղ կը կաթեցնեն: 21Որդեակ իմ, ասոնք քու աչքերուդ առջևէն չերթան. Իմաստութիւնը ու խոհեմութիւնը քովդ պահէ. 22Եւ քու հոգւոյդ կեանք՝ Ու քու պարանոցիդ զարդ ըլլան: 23Այն ատեն ճամբադ ապահովութեամբ պիտի քալես, Եւ քու ոտքդ պիտի չսահի: 24Եթէ պառկիս՝ պիտի չվախնաս, Ու եթէ քնանաս՝ քունդ անոյշ պիտի ըլլայ: 25Պիտի չվախնաս յանկարծահաս վախէն, Ոչ ալ ամբարիշտներուն կորուստէն՝ երբ գայ. 26Վասն զի քու յոյսդ Տէրը պիտի ըլլայ, Եւ քու ոտքդ պիտի պահէ, որպէս զի չբռնուի: 27Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, Կարօտ եղողէն մի արգիլեր զանիկա: 28Քու դրացիիդ բնաւ մի ըսեր, Գնա ու դարձեալ եկուր, Եւ վաղը կու տամ, երբ քու քովդ կայ: 29Քու դրացիիդ դէմ չարութիւն մի մտածեր, Քանի որ անիկա վստահութեամբ քեզի հետ կը բնակի: 30Առանց պատճառի մարդու հետ մի վիճիր, Երբ անիկա քեզի չարութիւն մը ըրած չէ: 31Բռնաւոր մարդուն մի նախանձիր, Ու անոր ճամբաները բնաւ մի ընտրեր. 32Վասն զի ծուռ մարդը Տէրոջը առջև պիղծ է. Բայց անոր ընտանութիւնը արդարներուն հետ է: 33Ամբարիշտ մարդուն տանը մէջ Տէրոջը անէծքը կայ. Բայց արդարներուն բնակարանը Անիկա կ’օրհնէ: 34Յիրաւի Անիկա ծաղր ընողները ծաղր կ’ընէ, Բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ: 35Իմաստունները փառք պիտի ժառանգեն, Բայց յիմարներուն բարձրանալը անարգանք պիտի ըլլայ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981