Սողոմոնի Առակների գիրք
30
Ագուրին խօսքերը
1Յակէեան Ագուրի խօսքերը, Այսինքն պատգամը, զոր անիկա Իթիէլի խօսեցաւ, Իթիէլի և Ուքալի: 2Արդարև ես ամէն մարդէ թանձրամիտ եմ, Ու ես մարդկային խոհեմութիւն չունիմ. 3Ես իմաստութիւն չսորվեցայ, Ու Ամենասուրբին գիտութիւնը չեմ գիտեր: 4Երկինք ո՞վ ելաւ ու իջաւ. Հովը իր ձեռքերուն մէջ ո՞վ ժողվեց. Ջուրերը իր հանդերձին մէջ ո՞վ ամփոփեց. Երկրի բոլոր ծայրերը ո՞վ հաստատեց. Անոր անունը ի՞նչ է, ու անոր որդւոյն անունը ի՞նչ է․ Եթէ գիտես՝ ըսէ ։ 5Աստուծոյ ամէն խօսքերը մաքուր են. Անիկա իրեն ապաւինողներուն ասպար է։ 6Դուն անոր խօսքերուն վրայ բան մի աւելցներ, Որպէս զի չըլլայ թէ քեզ յանդիմանէ, ու դուն ստախօս երեւնաս:
Առակներ
7Քեզմէ երկու բան կը խնդրեմ Մեռնելէս առաջ զանոնք ինծմէ մի արգիլեր. 8Ունայնութիւնը և սուտ խօսքը ինծմէ հեռացուր. Ինծի աղքատութիւն կամ հարստութիւն մի տար. Իմ սովորական հացովս զիս կերակրէ. 9Չըլլայ որ կշտանամ և քեզ ուրանամ, Ու, Տէրը ո՞վ է, ըսեմ. Եւ չըլլայ որ աղքատանամ ու գողութիւն ընեմ, Եւ իմ Աստուծոյս անունը պարապ տեղ բերանս առնեմ: 10Ծառայի մը համար իր տէրոջը ամբաստանութիւն մի ըներ, Չըլլայ որ քեզի անէծք տայ, ու դուն յանցաւոր գտնուիս: 11Ցեղ կայ որ իր հայրը կ’անիծէ, Եւ իր մայրը չօրհներ: 12Ցեղ կայ որ իր աչքին առջև մաքուր է, Սակայն իր աղտեղութենէն լուացուած չէ: 13Ցեղ կայ որուն աչքերը խիստ ամբարտաւան են, Ու անոր արտևանունքները բարձրացած են: 14Ցեղ կայ որուն ակռաները սուրերու պէս են, Եւ անոր ժանիքները դանակներու պէս են, Աղքատները երկրի վրայէն՝ Ու տնանկները մարդոց մէջէն ուտելու համար: 15Տզրուկը երկու աղջիկ ունի. Տուր, տուր՝ կ’ըսեն: Այս երեքը չեն կշտանար, Ու չորս բան կայ որոնք Հերիք է չեն ըսեր. 16Գերեզմանը, ամուլ արգանդը, Երկիրը որ ջրով չկշտանար Ու կրակը որ Հերիք է՝ չըսեր: 17Այն աչքը որ իր հայրը ծաղր կ’ընէ, Եւ իր մօրը հնազանդիլը կ’անարգէ, Ձորերուն ագռաւները պիտի փորեն, Ու զանիկա արծիւներուն ձագերը պիտի ուտեն: 18Այս երեք բանը ինծի զարմանալի կ’երևնան, Եւ չորս բան կայ զորոնք չեմ գիտեր. 19Օդին մէջ արծիւին ճամբան, Ապառաժի վրայ օձին ճամբան, Ծովուն մէջ նաւուն ճամբան, Ու աղջկան քով այր մարդուն ճամբան: 20Շնացող կնոջ ճամբան ալ այնպէս է. Կ’ուտէ ու բերանը կը սրբէ, Եւ, Չարութիւն չըրի՝ կ’ըսէ: 21Երեք բանի համար երկիր կը դողայ, Ու չորս բան կայ, զորոնք չկրնար տանիլ. 22Ծառան երբ թագաւորէ, Յիմարը երբ հացով կշտանայ, 23Ատելի կինը երբ կարգուի, Եւ աղախինը երբ իր տիկնոջ ժառանգ ըլլայ: 24Երկրի վրայ չորս բան կայ որոնք պզտիկ են, Բայց անոնք շատ խելացի են. 25Մրջիւնները զօրաւոր ժողովուրդ մը չեն, Բայց իրենց կերակուրը ամառուընէ կը պատրաստեն. 26Ճագարները տկար ժողովուրդ մըն են, Բայց իրենց տուները վէմերու մէջ կը շինեն. 27Մարախները թագաւոր չունին, Սակայն ամէնը գունդ գունդ դուրս կ’ելլեն. 28Մողէսը իր ձեռքերովը պատերուն կը փակչի, Ու թագաւորաց պալատներուն մէջ կը գտնուի: 29Աղէկ քալող երեք բան կայ. Եւ չորս բան կայ որոնք գեղեցիկ քալուածք ունին. 30Առիւծը՝ որ ամէն անասուններէն զօրաւոր է, Ու բնաւ մէկուն երեսէն ետ չդառնար. 31Մէջքը կապած ձին ու նոխազը, Եւ թագաւորը՝ որուն ժողովուրդը իրեն հետ է. 32Եթէ բարձրանալով յիմարութիւն ըրիր, Կամ չարութիւն մը մտածեցիր, Ձեռքդ բերնիդ վրայ դիր: 33Վասն զի եթէ կաթը ծեծես՝ կոգի կ’ելլէ, Եթէ քիթը ճմլես՝ արիւն կ’ելլէ. Նոյնպէս եթէ բարկութիւնը գրգռես՝ կռիւ կ’ելլէ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981