Սողոմոնի Առակների գիրք
4
Իմաստութեան օգուտները
1Որդիք, ձեր հօրը խրատը լսեցէք, Ու մտիկ ըրէք որպէս զի իմաստութիւնը ճանչնաք: 2Վասն զի ձեզի աղէկ կրթութիւն կու տամ. Իմ օրէնքս մի թողուք: 3Քանզի ես իմ հօրս տղան էի, Փափուկ ու սիրելի՝ իմ մօրս առջև: 4Անիկա ինծի կը սորվեցնէր ու կ’ըսէր, Քու սիրտդ իմ խօսքերս թող բռնէ. Իմ պատուիրանքներս պահէ ու ապրէ, 5Իմաստութիւն ստացիր, խոհեմութիւն ստացիր. Մի մոռնար, ու իմ բերնիս խօսքերէն մի խոտորիր: 6Զանիկա մի թողուր, ու անիկա քեզ պիտի պահէ. Զանիկա սիրէ, ու անիկա քեզ պիտի պաշտպանէ: 7Ամէն բանին գլուխը իմաստութիւնն է, իմաստութիւն ստացիր. Ու ամէն ստացած բաներուդ հետ խոհեմութիւն ստացիր: 8Զանիկա մեծարէ, ու անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ. Եթէ զանիկա գրկես, քեզ պիտի պատուէ: 9Անիկա քու գլխուդ շնորհաց զարդ պիտի տայ. Քեզի փառաց պսակ պիտի պարգևէ: 10Մտիկ ըրէ, որդեակ իմ, ու իմ խօսքերս ընդունէ. Եւ քու կեանքիդ տարիները պիտի շատնան: 11Քեզի իմաստութեան ճամբուն մէջ քալել սորվեցուցի. Քեզ ուղղութեան շաւիղներուն մէջ պտըտցուցի, 12i> Որպէս զի քալելու ատենդ ոտքիդ քայլերը չնեղնան, Ու վազելու ատենդ չսահիս: 13Ամուր բռնէ խրատը ու բնաւ մի թողուր. Զանիկա պահէ, վասն զի քու կեանքդ անիկա է: 14Ամբարիշտներուն ճամբան մի երթար, Ու չարերուն ճամբուն մէջ մի քալեր: 15Անկէ զգուշացիր, անոր քովէն մի անցնիր, Անկէ խոտորէ ու անցիր: 16Վասն զի անոնք մինչև որ չարութիւն չընեն՝ չեն քնանար. Ու եթէ մէկը չկործանեն՝ քուներնին կը փախչի: 17Քանզի անոնք ամբարշտութեան հացը կ’ուտեն, Ու անիրաւութեան գինին կը խմեն: 18Բայց արդարներուն ճամբան ծագող լոյսին պէս է, Որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչև կատարեալ օր ըլլայ: 19Ամբարիշտներուն ճամբան խաւարի պէս է, Ու չեն գիտեր թէ ի՛նչ բանով իրենց ոտքը պիտի սահի: 20Որդեակ իմ, մտիկ ըրէ իմ խօսքերս, Քու ականջներդ իմ խօսքերուս տուր: 21Անոնք քու աչքերուդ առջևէն չերթան, Զանոնք քու սրտիդ մէջ պահէ. 22Վասն զի զանոնք գտնողներուն անոնք կեանք են, Եւ անոնց բոլոր մարմնին՝ բժշկութիւն: 23Ամէն զգուշութեամբ քու սիրտդ պահէ, Քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են: 24Ծուռ բերանը քեզմէ մէկդի ըըրէ, Ու անիրաւ շրթունքները քեզմէ հեռացուր: 25Քու աչքերդ ուղիղ նային, Ու արտևանունքներդ շիտակ դէպ ի առջևդ ըլլան: 26Ոտքերուդ շաւիղները շիտկէ, Եւ քու բոլոր ճամփաներդ հաստատուին: 27Աջ կամ ձախ կողմը մի խոտորիր. Ոտքդ չարութենէ դարձուր:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981