Սողոմոնի Առակների գիրք
5
Շնութեան դէմ զգուշացում
1Որդեակ իմ, մտիկ ըրէ իմաստութեանս, Եւ քու ականջդ իմ հանճարիս տուր, 2Որպէս զի խոհեմութիւն պահես, Ու քու շրթունքներդ գիտութիւն պահեն: 3Վասն զի օտար կնոջ շրթունքներէն խորիսխի մեղր կը կաթի, Ու անոր քիմքը իւղէն կակուղ է. 4Բայց անոր վախճանը օշինդրի պէս դառն՝ Ու երկսայրի սուրի պէս սրած է: 5Անոր ոտքերը մահուան կ’իջնեն, Ու անոր քայլերը դժոխք կը հասնին: 6Անոր ճամբաները փոփոխական են, ու չես կրնար զանոնք գիտնալ, Որ չըլլայ թէ կեանքի ճամբան մտածես: 7Եւ հիմա, ով որդիք, ինծի մտիկ ըրէք, Ու իմ բերնիս խօսքերէն մի խոտորիք. 8Այն կնոջմէն ճամբադ հեռացուր, Ու անոր տանը դրանը մի մօտենար. 9Չըլլայ որ քու փառքդ ուրիշներու՝ Եւ տարիներդ անողորմ մարդու տաս. 10Չըլլայ որ օտարները քու զօրութենէդ կշտանան, Ու քու վաստակդ օտարներուն տունը մնայ. 11Եւ քու վերջին ատենդ չհառաչես, Երբ քու մարմինդ ու անդամներդ մաշին, 12Ու չըսես, Ես ի՜նչպէս խրատը ատեցի, Ու իմ սիրտս յանդիմանութիւնը անարգեց. 13Եւ իմ ուսուցիչներուս խօսքը մտիկ չըրի, Ու իմ ականջս զիս վարժողներուն չտուի. 14Ժողովքի ու ժողովուրդի մէջ Գրեթէ ամէն տեսակ թշուառութեան հանդիպեցայ: 15Դուն քու ջրակոյտէդ ջուր խմէ, Եւ քու ջրհորիդ մէջ վազող ջուրէն: 16Քու աղբիւրներդ դուրսը տարածուին, Ինչպէս ջուրերու վտակները հրապարակներուն մէջ: 17Անոնք միայն քուկդ ըլլան, Ու ոչ թէ քուկդ և օտարներուն: 18Քու աղբիւրդ օրհնեալ ըլլայ. Եւ քու երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր: 19Անիկա քեզի սիրելի եղնիկի պէս, Եւ շնորհալի այծեամի պէս ըլլայ. Ամէն ատեն անոր ստինքները քեզ կշտացնեն, Ու միշտ անոր սիրովը զմայլիս, 20Եւ ինչո՞ւ, որդեակ իմ, դուն օտար կնոջ մը սիրովը զմայլիս: Ու օտար կնոջ ծոցը գրկես: 21Վասն զի մարդուն ճամբաները Տէրոջը աչքերուն առջև են, Ու անոր ամէն քայլերը ինք կը կշռէ: 22Չարագործը իր անօրէնութիւնները պիտի բռնեն. Ու անիկա իր մեղքին չուաններովը պիտի բռնուի: 23Անիկա առանց խրատի պիտի մեռնի, Ու իր մեծ յիմարութիւնովը պիտի մոլորի:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981