Սողոմոնի Առակների գիրք
6
Աւելի զգուշացում
1Որդեակ իմ, եթէ քու բարեկամիդ համար երաշխաւոր եղար, Կամ օտար մարդու համար քու ձեռքդ տուիր, 2Քու բերնիդ խօսքերովը որոգայթը ինկար, Բերնիդ խօսքերովը բռնուեցար. 3Որդեակ իմ, շուտով այսպէս ըրէ որպէս զի ազատիս. Որովհետև դուն քու բարեկամիդ ձեռքը մտար, Գնա քու բարեկամիդ խոնարհէ Ու զանիկա թախանձէ. 4Աչքերուդ քուն՝ Ու արտևանունքներուդ նիրհում մի տար. 5Քեզ ազատէ ինչպէս այծեամը որսորդին ձեռքէն, Կամ թռչունը հաւորսին ձեռքէն կ’ազատի: 6Ով ծոյլ, մրջիւնին գնա, Անոր ճամբաները տես ու իմաստուն եղիր: 7Վասն զի անիկա թէև իշխան, Ոստիկան կամ տիրող չունի, 8Իր կերակուրը ամառուընէ կը պատրաստէ. Իր ուտելիքը հունձքի ատեն կը ժողվէ: 9Ով ծոյլ, մինչև ե՞րբ կը պառկիս, Քունէդ ե՞րբ պիտի արթննաս: 10Քիչ մը քնանաս, քիչ մը նիրհես, Ու քիչ մը ձեռք ձեռքի վրայ դնես ննջելու համար. 11Այն ատեն քու աղքատութիւնդ ճամբորդի մը պէս պիտի գայ, Ու կարօտութիւնդ՝ սպառազինեալ մարդու պէս: 12Անօրէն ու չար մարդը Ծուռ բերնով կը շարժի. 13Անիկա իր աչքերովը ակնարկութիւն կ’ընէ, Ոտքերովը կը խօսի, Ու մատերովը բան կը սորվեցնէ. 14Անոր սրտին մէջ ծռութիւն կայ, Միշտ չարութիւն կը հնարէ ու կռիւներ կը հանէ: 15Ասոր համար անոր կորուստը յանկարծ պիտի գայ. Անիկա յանկարծ պիտի կոտրուի, ու անոր դարման պիտի չգտնուի: 16Տէրը այս վեց բանէն կը զզուի, Ու անոր հոգւոյն առջև եօթը բան պիղծ է. 17Ամբարտաւան աչքեր, ստախօս լեզու Եւ անմեղ արիւն թափող ձեռքեր, 18Չար խորհուրդներ հնարող սիրտ, Չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր, 19Ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ, Ու եղբայրներու մէջ կռիւներ ցանող մարդ:
Շնութենէ զգուշացում
20Որդեակ իմ, քու հօրդ պատուիրանքը պահէ, Եւ քու մօրդ օրէնքը մի մերժեր: 21Զանոնք միշտ քու սրտիդ վրայ կապէ, Զանոնք քու պարանոցդ կախէ: 22Քալած ատենդ անոնք քեզի առաջնորդութիւն ընեն, Քնացած ատենդ քեզ պահպանեն, Ու արթնցած ատենդ քեզի հետ խօսակցին: 23Քանզի պատուիրանքը ճրագ՝ ու օրէնքը լոյս է, Եւ խրատին յանդիմանութիւնները կեանքի ճամբայ են. 24Որպէս զի քեզ գէշ կնոջմէն, Օտար կնոջ շողոքորթող լեզուէն պահէ: 25Սրտիդ մէջ անոր գեղեցկութեանը մի ցանկար. Եւ քեզ իր արտևանունքներովը չբռնէ: 26Վասն զի պոռնիկ կնոջ պատճառաւ Մարդ մինչև պատառ մը հացի կարօտ կ’ըլլայ. Եւ շնացող առնակինը պատուական հոգին կ’որսայ: 27Հնա՞ր է որ մէկը իր ծոցը կրակ դնէ, Ու հանդերձները չայրին. 28Հնա՞ր է որ մէկը կրակի կայծերու վրայ քալէ, Ու անոր ոտքերը չայրին: 29Ասոր պէս է իր դրացիին կնոջը քով գացողն ալ. Ով որ անոր դպչի՝ անմեղ չըլլար: 30Գողը եթէ անօթութեան համար ու իր փորը կշտացնելու համար գողութիւն ընէ, Չեն քամահրեր զանիկա: 31Սակայն եթէ գտնուի, եօթնապատիկ կը հատուցանէ, Իր տանը բոլոր ինչքը կու տայ: 32Կնոջ հետ շնութիւն ընողին խելքը պակաս է. Այս բանը ընողը իր հոգին կը կորսնցնէ: 33Անիկա վէրք ու անարգանք կը գտնէ, Եւ անոր նախատինքը անջնջելի է: 34Քանզի նախանձը էրկանը կատաղութիւնն է, Ու անիկա վրէժխնդրութեան օրը չխնայեր. 35Անիկա բնաւ մէկ փրկանքի չնայիր, Կաշառք ալ շատցնելու ըլլաս՝ անիկա չհաճիր:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981