Սողոմոնի Առակների գիրք
7
1Որդեակ իմ, պահէ իմ խօսքերս, Ու իմ պատուիրանքներս քու քովդ ծածկէ: 2Իմ պատուիրանքներս պահէ որպէս զի ապրիս, Ու իմ օրէնքիս քու աչքերուդ բիբին պէս նայէ: 3Զանոնք մատերուդ վրայ կապէ, Զանոնք սրտիդ տախտակին վրայ գրէ: 4Իմաստութեան ըսէ, Դուն իմ քոյրս ես. Ու խոհեմութեան՝ Ծանոթ կանչէ, 5Որպէս զի քեզ օտար կնոջմէն, Շողոքորթութեամբ խօսող օտար կնոջմէն, պահեն: Անբարոյական կինը 6Վասն զի իմ տանս պատուհանէն, Իմ վանդակէս, նայեցայ. 7Եւ անմիտներուն մէջ տեսայ, Երիտասարդներուն մէջ պակասամիտ պատանի մը գտայ, 8Որ փողոցին մէջ այն կնոջ տանը անկիւնին քովէն կ’անցնէր, Ու անոր տանը ճամբան բռնեց, 9Երբ իրիկուն եղաւ, օրը տարաժամեցաւ Ու գիշերուան մութը տիրեց. 10Եւ ահա անոր առջև կին մը ելաւ, Անիկա պոռնիկի կերպարանք ու նենգաւոր սիրտ մը ուներ. 11Անիկա աղաղակող ու անզգամ էր, Ու անոր ոտքերը իր տանը մէջ չէին կենար. 12Երբեմն դուրսը, երբեմն հրապարակները, Եւ ամէն անկիւնի քով դարանամուտ կ’ըլլար. 13Զանիկա բռնեց համբուրեց, Ու լիրբ երեսով անոր ըսաւ, 14Իմ քովս խաղաղութեան զոհեր կան. Ես այսօր իմ ուխտերս կատարեցի. 15Անոր համար ելայ քեզ դիմաւորելու, Քու երեսդ փնտռելու, ու քեզ գտայ: 16Իմ անկողինս ծածկոցներով զարդարեր եմ, Եգիպտոսի ծաղկանկար բեհեզով. 17Անկողինիս վրայ զմուռս, Հալուէ ու կինամոն ցաներ եմ. 18Եկուր մինչև առտու սիրով զուարճանանք, Ու ցանկութիւններով զբօսնունք. 19Վասն զի այրս տունը չէ, Անիկա հեռու ճամբայ գնաց. 20Ստակին քսակը իրեն հետ առաւ, Եւ լուսնի լրման օրը իր տունը պիտի դառնայ: 21Այսպէս իր շատ խօսքերովը զանիկա հրապուրեց, Ու իր շրթունքներուն շողոքորթութիւնովը զանիկա ստիպեց: 22Ան ալ շիտակ կնոջ ետևէն, Սպանդանոցը գացող արջառի պէս, Պատժուելուգացող կապուած յիմարի մը պէս կ’երթայ, 23Մինչև որ նետը անոր լեարդը ծակէ. Ինչպէս թռչուն մը արտորալով դէպ ի ծուղակը կ’երթայ, Ու չգիտեր որ անիկա իր հոգւոյն համար լարուած է: 24Եւ հիմա, ով որդիք, ինծի մտիկ ըրէք, Ու իմ բերնիս խօսքերուն ականջ դրէք: 25Քու սիրտդ անոր ճամբաներուն չխոտորի, Եւ անոր շաւիղներուն մէջ չմոլորիս. 26Վասն զի անիկա շատերը խոցոտեց ու կործանեց, Ու անոր բոլոր մեռցուցած մարդիկը զօրաւոր էին: 27Անոր տունը դժոխքին ճամբաներն է, Անոնք մահուան շտեմարանները կ’իջնէն:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981