Սողոմոնի Առակների գիրք
8
Գովեստ իմաստութեան
1Ահա իմաստութիւնը կը կանչէ, Ու խոհեմութիւնը իր ձայնը կու տայ: 2Անիկա բարձր տեղերու գլուխ, ճամբու վրայ Եւ շաւիղներու մէջ կը կայնի: 3Անիկա դռներուն քով, քաղաքներուն բերանը Ու դռներուն մուտքը աղաղակելով կ’ըսէ, 4Ով մարդիկ, ձեզի կը կանչեմ. Եւ իմ ձայնս մարդոց որդիներուն է: 5Ով տգէտներ, իմաստութիւն սորվեցէք. Ով անմիտներ, իմացող սիրտ ունեցէք: 6Լսեցէք, վասն զի ազնիւ բաներ պիտի խօսիմ, Ու իմ շրթունքներս պիտի բանամ ուղիղ բաներ խօսելու համար: 7Քանզի իմ քիմքս ճշմարտութիւն պիտի խօսի, Բայց իմ շրթունքս ամբարշտութենէ կը զզուի: 8Բերնիս բոլոր խօսքերը արդարութեամբ են, Եւ անոնց մէջ խոտորնակ ու ծուռ բան չկայ: 9Ամէնն ալ հասկցողին ուղիղ են, Ու գիտութիւն գտնողներուն շիտակ են: 10Իմ խրատս առէք, և ոչ թէ արծաթ. Ու ընտիր ոսկիէն աւելի գիտութիւնը սիրեցէք: 11Վասն զի իմաստութիւնը գոհարներէն աղէկ է. Եւ բոլոր ցանկալի բաները չեն կրնար անոր հաւասարիլ: 12Ես իմաստութիւնս սրամտութեան հետ կը բնակիմ, Եւ ճարտարութեանց գիտութիւնը կը գտնեմ: 13Տէրոջը վախը չարութիւնը ատելն է. Ես հպարտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, չար ճամբան Ու նենգաւոր բերանը կ’ատեմ. 14Խորհուրդը եւ խոհականութիւնը իմս են. Ես եմ հանճարը, ու զօրութիւնը իմս է: 15Թագաւորները ինծմով կը թագաւորեն, Ու նախարարները ինծմով արդարութեան կանոններ կը դնեն: 16Ինծմով կ’իշխեն իշխանները, Ազնուականները ու երկրի բոլոր դատաւորները: 17Ես կը սիրեմ զիս սիրողները, Եւ զիս կանուխ փնտռողները զիս կը գտնեն: 18Իմ քովս հարստութիւն ու փառք, Ընտիր ստացուածք և արդարութիւն կայ: 19Իմ պտուղս ոսկիէն ու մաքուր ոսկիէն, Եւ իմ արդիւնքս ընտիր արծաթէն աղէկ է: 20Ես արդարութեան ճամբուն մէջ, Իրաւունքի շաւիղներուն մէջ, կը քալեմ, 21Որպէս զի զիս սիրողներուն ստացուածք ժառանգեցնեմ. Ու անոնց գանձերը պիտի լեցնեմ: 22Տէրը իր ճամբուն սկիզբը, Իր վաղեմի գործերէն առաջ, զիս ստացեր էր. 23Ես յառաջմանէ, Երկրի սկիզբէն առաջ, օծուեցայ, 24Անդունդները չեղած, Առատ ջուրերուն աղբիւրները չեղած, ես ծնած էի, 25Լեռները չտեղավորուած, Բլուրներէն առաջ, ես ծնած էի: 26Տակաւին երկիրը ու բաց տեղերը Եւ աշխարհիս հողերուն առաջինը չստեղծած, 27Երբ երկինքները կը պատրաստէր, Ու անդունդներուն երեսին վրայ կամար կը ձգէր, ես հոն էի: 28Երբ վերի ամպերը կ’ուժովցնէր, Եւ անդունդներուն աղբիւրները կը հաստատէր, 29Երբ ծովուն կանոն կը դնէր, Որպէս զի ջուրերը իր հրամանէն դուրս չելլեն, Ու երբ երկրի հիմերը կը ձգէր, 30Այն ատեն ես անոր քով ճարտարապետ էի, Եւ ամէն օր անոր զուարճութիւնն էի, Ու միշտ անոր առջև կ’ուրախանայի: 31Ես աշխարհի մէջ ու անոր երկրին վրայ կ’ուրախանայի, Ու իմ զուարճութիւնս մարդոց որդիներուն հետ էր: 32Եւ հիմա, ով որդիք, ինծի մտիկ ըրէք. Վասն զի իմ ճամբաներս պահողները երջանիկ կ’ըլլան: 33Խրատ մտիկ ըրէք ու իմաստուն եղէք, Ու զանիկա մի մերժէք: 34Երանի՜ այն մարդուն որ ինծի մտիկ կ’ընէ, Ամէն օր իմ դռներուս քով կը հսկէ, Եւ իմ դրանդիքներս կը դիտէ: 35Վասն զի զիս գտնողը կեանք կը գտնէ, Ու Տէրոջմէ շնորհք կը ստանայ: 36Բայց ինծի դէմ մեղանչողը իր հոգւոյն անիրաւութիւն կ’ընէ. Բոլոր զիս ատողները մահը կը սիրեն:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981