Սողոմոնի Առակների գիրք

9

Իմաստութիւն և բթամտութիւն

1Իմաստութիւնը իր տունը շինեց, Ու իր եօթը սիւները կանգնեց. 2Իր անասունները մորթեց, իր գինին խառնեց Ու իր սեղանը պատրաստեց: 3Անիկա իր աղախինները ղրկեց, Ու քաղաքին բարձր տեղերուն վրայ կը կանչէ. 4Ով որ պարզամիտ է, թող հոս գայ. Ու պակասամիտ եղողին կ’ըսէ, 5Եկէք իմ հացէս կերէք, Ու խառնած գինիէս խմեցէք. 6Յիմարութիւնը թողուցէք, որպէս զի ապրիք, Ու խոհեմութեան ճամբուն մէջ քալեցէք: 7Ծաղր ընողը յանդիմանողը իրեն անարգանք, Ու ամբարիշտը խրատողը իրեն արատ կը վաստկի: 8Ծաղր ընողը մի յանդիմաներ, որ չըլլայ թէ քեզի ըլլայ. Իմաստունը յանդիմանէ, ու քեզ պիտի սիրէ: 9Իմաստունին խրատ տուր, և աւելի իմաստուն պիտի ըլլայ. Արդար մարդուն սորվեցուր, ու իր իմաստութիւնը պիտի աւելցնէ: 10Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է, Ու Ամենասուրբին գիտութիւնը հանճար է: 11Վասն զի քու օրերդ ինծմով պիտի շատնան, Եւ քեզի կեանքի տարիներ պիտի աւելնան: 12Եթէ իմաստուն ես, քեզի իմաստուն ես, Ու եթէ ծաղր ընող ես, անոր պատիժը միայն դուն պիտի կրես: 13Անզգամ կինը աղաղակող կ’ըլլայ. Անիկա անմիտ է ու բան մը չգիտեր: 14Եւ քաղաքին բարձր տեղերը, Իր տանը դուռը աթոռի վրայ կը նստի, 15Որպէս զի իրենց ճամբան շիտակ գացող Անցաւորները կանչէ, 16Ով որ պարզամիտ է, թող հոս գայ. Ու պակասամիտ եղողին կ’ըսէ, 17Գողցուած ջուրերը անոյշ են, Եւ գաղտուկ հացը համով կ’ըլլայ: 18Բայց անիկա չգիտեր որ այն տեղը մեռելներ կան, Ու անոր հրաւիրած մարդիկը դժոխքին անդունդներուն մէջ են:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981