Սաղմոսներ
1
Ճշմարիտ երջանկութիւնը
1Երանելի է այն մարդը Որ ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ չքալեր, Ու մեղաւորներուն ճամբուն մէջ չկենար, Եւ ծաղր ընողներուն նստած տեղը չնստիր. 2Հապա անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, Եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ։ 3Եւ անիկա ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, Որ իր ժամանակին իր պտուղը կու տայ. Ու անոր տերևը պիտի չթափի, Եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի։ 4Այսպէս չեն ամբարիշտները, Հապա մղեղի պէս՝ զոր հովը կը ցրուէ։ 5Ասոր համար ամբարիշտները դատաստանին մէջ պիտի չկրնան կենալ, Ոչ ալ մեղաւորները արդարներուն ժողովքին մէջ։ 6Վասն զի Տէրը կը ճանչնայ արդարներուն ճամբան. Բայց ամբարիշտներուն ճամբան պիտի կորսուի։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981