Սաղմոսներ
10
Աղօթք մը արդարութեան համար
1Ով Տէր, ինչո՞ւ հեռու կը կենաս․ Նեղութեան ժամանակները անտես կ’ըլլաս։ 2Ամբարշտին ամբարտաւանութեանը պատճառաւ աղքատը կը տոչորի, Իրենց խորհած հնարքներուն մէջ թող բռնուին։ 3Վասն զի ամբարիշտը իր անձին ցանկութիւնովը կը պարծենայ, Եւ ագահը իր անձին երանի կու տայ, Տէրը կ’անարգէ։ 4Ամբարիշտը իր երեսին ամբարտաւանութեանը համար զԱստուած չփնտռեր․ Բոլորովին անոր մտքին մէջ Աստուած չկայ։ 5Ամէն ժամանակ անոր ճամբաները պինդ են․ Քու դատաստաններդ անոր առջևէն բարձր են․ Անիկա իր բոլոր թշնամիներուն վրայ կը փչէ։ 6Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ Պիտի չսասանիմ․ Վասն զի ազգէ մինչև ազգ նեղութեան մէջ պիտի չըլլամ։ 7Անոր բերանը անէծքով ու նենգութիւններով ու հարստահարութիւններով լեցուն է․ Անիրաւութիւնը ու անօրէնութիւնը անոր լեզուին տակ են։ 8Գեղերուն դարանի տեղերը կը նստի, Գաղտուկ տեղերու մէջ անմեղը կը սպաննէ․ Անոր աչքերը ծածկաբար տնանկներուն կը նային։ 9Գաղտուկ տեղեր դարանամուտ կ’ըլլայ, ինչպէս առիւծը իր որջին մէջ․ Դարանակալ կը նստի՝ աղքատը յափշտակելու համար․ Աղքատը կը յափշտակէ՝ իր որոգայթը ձգելով զանիկա, 10Ու կծկտած կը պառկի, Եւ տնանկները անոր ճանկերուն տակ կ’իյնան։ 11Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ Աստուած մոռցեր է, Ու իր երեսը ծածկեր է որպէս զի բնաւ չտեսնէ։ 12Ելիր, ով Տէր․ ով Աստուած, ձեռքդ վեր վերցուր, Մի մոռնար նեղեալները։ 13Ինչո՞ւ համար ամբարիշտը կ’անարգէ զԱստուած․ Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ Պիտի չքննես։ 14Դուն տեսար, վասն զի ցաւին ու նեղութեանը կը նայիս՝ Քու ձեռքովդ փոխարէն հատուցանելու համար։ Աղքատը ինքզինք քեզի կը յանձնէ․ Որբին օգնականը դուն ես։ 15Ամբարշտին բազուկը կոտրէ, Ու չարին անօրէնութիւնը փնտռէ մինչև որ ալ չգտնես։ 16Տէրը յաւիտեանս յաւիտենից Թագաւոր է։ Հեթանոսները կորսուած են անոր երկրէն։ 17Տնանկներուն ցանկութիւնը լսեցիր․ ով Տէր, Անոնց սիրտերը պիտի հաստատես, ու քու ականջդ պիտի տաս 18Որբին ու տնանկին դատաստանը տեսնելու, Որպէս զի երկրի մարդը ա՛լ զանոնք չվախցնէ։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981