Սաղմոսներ
101
Թագաւորի մը խոստումը
Սաղմոս Դաւթի
1Ողորմութիւն ու իրաւունք պիտի երգեմ. Ով Տէր, քեզի սաղմոս պիտի ըսեմ: 2Իմաստութիւնով պիտի քալեմ կատարելութեան ճամբուն մէջ. Ե՞րբ ինծի պիտի գաս Իմ տանս մէջ սրտիս կատարելութիւնովը պիտի վարուիմ: 3Աչքերուս առջև չար բան մը պիտի չդնեմ. Մոլորածներուն գործը կ’ատեմ, Թող անիկա ինծի չփակչի: 4Ծուռ սիրտը թող զատուի ինծմէ. Չարը պիտի չճանչնամ: 5Ան որ ծածուկ կը խօսի իր ընկերին դէմ, պիտի ջնջեմ. Ան որ աչքերով բարձր է ու սրտով ամբարտաւան, Անոր պիտի չհամբերեմ: 6Իմ աչքերս երկրի հաւատարիմներուն վրայ պիտի ըլլան, Որպէս զի ինծի հետ բնակին. Կատարելութեան ճամբուն մէջ քալողը Ինծի ծառայութիւն պիտի ընէ: 7Նենգաւորը պիտի չբնակի իմ տանս մէջ. Սուտ խօսողը աչքերուս առջև պիտի չհաստատուի: 8Առտուանց կանուխ պիտի ջնջեմ երկրին բոլոր ամբարիշտները, Որպէս զի Տէրոջը քաղաքէն բոլոր անօրէնութիւն գործողները կորսնցնեմ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981