Սաղմոսներ

102

Չարչարուած երիտասարդի մը աղօթքը

Վշտալիին աղօթքը` երբ սիրտը կը մարի ու իր գանգատը Տէրոջը առջեւ կը թափէ:

1Ով Տէր, լսէ իմ աղօթքս. Ու իմ աղաղակս թող քեզի հասնի: 2Քու երեսդ մի ծածկեր ինծմէ իմ նեղութեանս օրը. Խոնարհեցուր ինծի քու ականջդ. Շուտով պատասխան տուր ինծի այն օրը որ քեզի կանչեմ: 3Վասն զի իմ օրերս մուխի պէս փճացան, Եւ իմ ոսկորներս խռիւի պէս այրեցան: 4Սիրտս զարնուեցաւ ու խոտի պէս չորցաւ. Այնպէս որ իմ հացս ուտելու մոռցայ: 5Հառաչանքիս ձայնէն Ոսկորներս մարմինիս փական: 6Անապատին մէջի հաւալուսին նմանեցայ, Աւերակներուն բուին պէս եղայ: 7Անքուն մնացի, ու նման եղայ Տանիքի վրայ մինակ եղող ճնճղուկին: 8Ամէն օր իմ թշնամիներս զիս կը նախատեն, Իմ վրաս սաստիկ բարկացողները ինծի դէմ կ’ընեն: 9Վասն զի մոխիրը հացի պէս կերայ, Ու խմելիքս արցունքով խառնեցի 10Քու բարկութեանդ ու սրտմտութեանդ համար, Վասն զի զիս վերցուցիր ու նետեցիր: 11Իմ օրերս երկնցած ստուերի պէս եղան, Ու ես խոտի պէս չորցայ: 12Բայց դուն, ով Տէր, յաւիտեան կը կենաս, Եւ քու յիշատակդ ազգէ մինչև ազգ: 13Դուն պիտի ելլես ու Սիօնի ողորմիս. Վասն զի ժամանակ է անոր ողորմելու, Քանզի որոշուած ժամանակը հասաւ: 14Վասն զի քու ծառաներդ անոր քարերուն կը հաւնին, Ու անոր հողին կը գթան: 15Եւ հեթանոսները պիտի վախնան Տէրոջը անունէն, Ու երկրի բոլոր թագաւորները` քու փառքէդ: 16Վասն զի Տէրը պիտի շինէ Սիօնը. Իր փառքովը պիտի երևնայ: 17Տնանկներուն աղօթքը մտիկ պիտի ընէ, Ու անոնց աղօթքը պիտի չանարգէ: 18Այս պիտի գրուի գալու ազգին համար. Ու ստեղծուելու ժողովուրդը Տէրոջը գոհութիւն պիտի տայ: 19Վասն զի իր սրբութեանը բարձրութենէն հայեցաւ. Տէրը երկինքէ երկրի վրայ նայեցաւ. 20Որպէս զի կապուածին հառաչանքը լսէ. Ու մահու որդիները արձակէ: 21Որպէս զի Սիօնի մէջ Տէրոջը անունը պատմեն, Ու անոր գովութիւնը` Երուսաղէմի մէջ, 22Երբ ժողովուրդները մէկտեղ ժողվուին, Ու թագաւորութիւնները` Տէրոջը ծառայելու համար: 23Անիկա զօրութիւնս տկարացուց ճամբուն մէջ, Ու իմ օրերս կարճըցուց: 24Ես ըսի, Ով իմ Աստուածս, Իմ օրերուս կէսին մէջ զիս մի վերցներ. Քու տարիներդ ազգէ մինչև ազգ են: 25Սկիզբէն երկրի հիմերը դրիր, Ու երկինք քու ձեռքերուդ գործն է: 26Անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն պիտի կենաս. Ու անոնց ամէնը լաթի պէս պիտի մաշին. Հանդերձի պէս պիտի փոխես զանոնք, Ու պիտի փոխուին: 27Բայց դուն նոյն ինքն ես, Եւ քու տարիներդ պիտի չվերջանան: 28Քու ծառաներուդ որդիները պիտի բնակին, Ու անոնց սերունդը հաստատ պիտի մնայ քու առջևդ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981