Սաղմոսներ
103
Աստուծոյ սէրը
Սաղմոս Դաւթի
1Ով իմ անձս, օրհնէ Տէրը, Ու այն ամէնը որ իմ ներսիդիս է` անոր սուրբ անունը: 2Ով իմ անձս, օրհնէ Տէրը, Եւ անոր բոլոր բարերարութիւնները մի մոռնար. 3Որ կը քաւէ բոլոր անօրէնութիւններդ, Ու կը բժշկէ քու բոլոր հիւանդութիւններդ. 4Որ կը փրկէ քու կեանքդ ապականութենէ, Եւ կը պսակէ քեզ ողորմութիւնով ու գթութիւնով. 5Որ կը լեցնէ քու ծերութիւնդ բարութիւնով, Ու քու մանկութիւնդ արծիւին պէս կը նորոգուի: 6Տէրը արդարութիւններ ու իրաւունքներ կ’ընէ Բոլոր զրկուածներուն. 7Անիկա իր ճամբաները Մովսէսի ճանչցուց, Ու իր գործերը` Իսրայէլի որդիներուն: 8Բարեգութ ու ողորմած է Տէրը, Երկայնամիտ ու առատ` ողորմութիւնով: 9Անիկա մինչև վերջը չհակառակիր, Եւ յաւիտեան ոխ չպահեր: 10Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի, Ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի: 11Հապա որչափ որ երկինք երկրէ բարձր է, Այնչափ իր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ զօրաւոր է: 12Որչափ որ արևելքը արևմուտքէն հեռու է, Այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները: 13Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, Այնպէս Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ: 14Վասն զի ան գիտէ մեր կազմուածքը, Կը յիշէ որ մենք հող ենք: 15Մարդուն օրերը խոտի պէս են. Ինչպէս դաշտի ծաղիկը, այնպէս կը ծաղկի: 16Վասն զի հովը անոր վրայէն կ’անցնի ու ան կ’ոչնչանայ, Եւ ալ անոր տեղը չճանչնար զանիկա: 17Բայց Տէրոջը ողորմութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից իրմէ վախցողներուն վրայ է, Ու անոր արդարութիւնը` որդւոց որդիներու վրայ. 18Անոնց վրայ է` որոնք կը պահեն անոր ուխտը, Եւ կը յիշեն անոր պատուիրանքները ու կը կատարեն: 19Տէրը իր աթոռը երկինքի մէջ հաստատեց. Ու անոր թագաւորութիւնը ամէնուն վրայ կը տիրէ: 20Օրհնեցէք Տէրը, ով անոր հրեշտակները, որ ուժով զօրաւոր էք, Որ անոր խօսքին ձայնը լսելով` իր հրամանը կը կատարէք: 21Օրհնեցէք Տէրը, ով անոր բոլոր զօրքերը, Անոր կամքը կատարող պաշտօնեաները: 22Օրհնեցէք Տէրը, ով անոր բոլոր գործերը, Անոր տերութեանը ամէն տեղերուն մէջ. Օրհնէ Տէրը, ով իմ անձս:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981