Սաղմոսներ
104
Արարչին փառաբանութիւնը
1Օրհնէ Տէրը, ով իմ անձս. Ով Տէր, իմ Աստուածս, դուն խիստ մեծ ես. Փառք ու վայելչութիւն հագած ես. 2Լոյսը հանդերձի պէս կը հագնիս, Երկինքը վարագոյրի պէս կը տարածես: 3Անիկա իր վերնատունները ջուրերուն վրայ կը շինէ, Ամպերը իրեն կառք կ’ընէ, Հովին թևերուն վրայ կը պտըտի: 4Իր հրեշտակները հոգիներ կ’ընէ, Ու իր պաշտօնեաները` կրակի բոց: 5Անիկա հաստատեց երկիրը իր հիմերուն վրայ, Որպէս զի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի: 6Զանիկա անդունդով ծածկեցիր իբր թէ հանդերձով. Ջուրերը լեռներուն վրայ կայնեցան. 7Քու սաստելէդ փախան. Քու որոտմունքիդ ձայնէն արտորալով փախան. 8Լեռներուն վրայ ելան ու հովիտներուն մէջ իջան, Այն տեղը զոր դուն հաստատեցիր անոնց համար: 9Սահման դրիր որպէս զի չանցնին, Ու նորէն երկիրը չծածկեն: 10Ձորերուն մէջ աղբիւրներ կը ղրկէ. Ջուրերը լեռներուն մէջէն կ’երթան: 11Անոնք բոլոր դաշտի գազաններուն կը խմցնեն. Ու վայրի էշերը իրենց ծարաւութիւնը կ’անցնեն: 12Անոնց քով երկինքի թռչունները կը բնակին, Ոստերուն մէջէն ձայն կու տան: 13Անիկա իր վերնատուններէն լեռները կը ջրէ. Քու գործերուդ պտուղէն երկիր կը կշտանայ: 14Անիկա անասուններուն համար խոտ կը բուսցնէ, Ու մարդուն ծառայութեան համար` բոյս, Որպէս զի կերակուր հանէ երկրէ, 15Ու գինի` որ կ’ուրախացնէ մարդուն սիրտը, Եւ իւղ` որ անոր երեսը կը փայլեցնէ, Ու հաց` որ կը հաստատէ մարդուն սիրտը: 16Տէրոջը ծառերը կուշտ են, Լիբանանի եղևինները` զորոնք ինք տնկեց: 17Հոն թռչունները բոյներնին կը շինեն, Ու արագիլին բնակարանը մայրերուն վրայ է: 18Բարձր լեռները այծեամներուն ապաւէն են, Ու վէմերը` ճագարներուն: 19Ժամանակներու համար լուսինը ստեղծեց. Արեգակը իր մարը մտնելը կը ճանչնայ: 20Խաւարը կը դնես ու գիշեր կ’ըլլայ, Որուն մէջ անտառին բոլոր գազանները կը պտըտին: 21Առիւծներուն կորիւնները կը մռնչեն յափշտակութեան համար, Ու Աստուծմէ իրենց կերակուրը կը խնդրեն. 22Արեգակին ծագելուն պէս կը ժողվուին, Եւ իրենց որջերուն մէջ կը պառկին: 23Մարդ մինչև իրիկուն իր գործին Ու իր ծառայութեանը կ’երթայ: 24Ով Տէր, ո՜րչափ շատ են քու գործերդ. Անոնց բոլոր իմաստութիւնով ըրիր. Երկիր լեցուած է քու ստեղծածներովդ: 25Այս ծովը մեծ ու լայն է, Հոն անթիւ սողացողներ, Պզտիկ ու մեծ կենդանիներ, կան: 26Հոն նաւերը կը քալեն, Ու Լևիաթան` զոր անոնց մէջ խաղալու համար ստեղծեցիր: 27Ասոնց ամէնը քեզի կը սպասեն, Որպէս զի իրենց կերակուրը ժամանակին տաս: 28Դուն անոնց կու տաս ու անոնք կը ժողվեն. Ձեռքդ կը բանաս ու բարութիւնով կը կշտանան: 29Երբ քու երեսդ կը ծածկես` կը խռովին. Երբ անոնց հոգին կ’առնես` կը մեռնին Եւ իրենց հողը կը դառնան: 30Հոգիդ կը ղրկես ու անոնք կը ստեղծուին, Ու երկրի երեսը կը նորոգես: 31Տէրոջը փառքը յաւիտեան ըլլայ. Տէրը իր գործերուն վրայ ուրախանայ: 32Երկրի վրայ կը նայի ու այն կը դողայ. Լեռներուն կը դպչի և անոնք կը մխան: 33Տէրոջը պիտի երգեմ իմ կեանքիս մէջ. Սաղմոս պիտի ըսեմ իմ Աստուծոյս` քանի որ ողջ եմ: 34Անոր վրայով իմ մտածութիւնս քաղցր պիտի ըլլայ. Ես Տէրոջմով պիտի ուրախանամ: 35Մեղաւորները աշխարհէ թող պակսին, Ու ամբարիշտները ոչնչանան: Օրհնէ Տէրը, ով իմ անձս: Ալէլուիա:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981