Սաղմոսներ

105

Աստուած և իր ժողովուրդը

1Գոհացէք Տէրոջմէն, անոր անունը կանչեցէք, Անոր գործերը ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէք: 2Երգեցէք անոր, սաղմոս ըսէք անոր, Պատմեցէք անոր բոլոր հրաշքները: 3Անոր սուրբ անունովը պարծենցէք. Տէրը խնդրողներուն սիրտը թող ուրախ ըլլայ: 4Տէրը ու անոր զօրութիւնը խնդրեցէք, Ամէն ժամանակ անոր երեսը փնտռեցէք. 5Յիշեցէք անոր ըրած հրաշքները, Անոր նշանները ու բերնին դատաստանները, 6Ով անոր ծառային Աբրահամի սերունդը, Ով Յակոբի որդիներ, անոր ընտրեալները: 7Եհովա ինքն է մեր Աստուածը. Անոր դատաստանները բոլոր երկրի մէջ են: 8Անիկա իր ուխտը յաւիտեան կը յիշէ, Ու իր պատուիրած խօսքը` մինչև հազար ազգ. 9Այն ուխտը զոր Աբրահամի հետ ըրաւ, Ու իր երդումը զոր Իսահակի ըրաւ. 10Յակոբի ալ հաստատեց զանիկա` օրէնք մը ըլլալու, Ու Իսրայէլի` իբրև յաւիտենական ուխտ մը, 11Ըսելով, Քեզի պիտի տամ Քանանու երկիրը, Ձեր ժառանգութեան վիճակը. 12Երբ անոնք սակաւաթիւ էին, Քիչուոր ու պանդուխտ` անոր մէջ, 13Ու մէկ ազգէ ուրիշ ազգի գացին, Մէկ թագաւորութենէ ուրիշ ժողովուրդի, 14Անիկա մէկո°ւն թող չտուաւ որ զանոնք նեղէ. Թագաւորներ ալ յանդիմանեց անոնց համար, 15Ըսելով, Իմ օծեալներուս մի դպչիք, Ու իմ մարգարէներուս չարութիւն մի ընէք: 16Ու սով կանչեց երկրին վրայ. Հացին բոլոր զօրութիւնը կոտրեց: 17Անոնց առջևէն մարդ ղրկեց, Յովսէփը` որ ծառայութեան ծախուեցաւ: 18Անոր ոտքերը կապանքով նեղեցին. Անոր անձը երկաթի մէջ դրուեցաւ` 19Մինչև այն ժամանակ որ անոր խօսքը եկաւ, Տէրոջը խօսքը փորձեց զանիկա: 20Թագաւորը ղրկեց ու արձակեց զանիկա, Ժողովուրդներուն իշխանը ազատեց զանիկա: 21Իր տանը վրայ տէր կեցուց զանիկա, Եւ իր բոլոր ունեցածին վրայ իշխող. 22Որպէս զի անոր իշխանները իր ուզածին պէս կապէ, Ու անոր ծերերը իմաստուն ընէ: 23Եւ եկաւ, Ու Յակոբ պանդուխտ եղաւ Քամի երկրին մէջ: 24Եւ Տէրը իր ժողովուրդը խիստ շատցուց, Ու զանոնք իրենց թշնամիներէն աւելի զօրաւոր ըրաւ: 25Անոնց սիրտը դարձուց, որպէս զի իր ժողովուրդը ատեն, Ու իր ծառաներուն նենգութիւն ընեն: 26Իր ծառան Մովսէսը ղրկեց, Եւ իր ընտրած Ահարոնը. 27Որոնք անոնց մէջ իր նշանները ըրին, Ու հրաշքներ` Քամի երկրին մէջ: 28Խաւար ղրկեց ու խաւարեցուց. Եւ անոր խօսքին դէմ չկեցան: 29Անոնց ջուրերը արիւնի դարձուց, Ու անոնց ձուկերը սպաննեց: 30Անոնց երկիրը առատօրէն գորտեր դուրս բերաւ` Մինչև անոնց թագաւորներուն ներքին սենեակներուն մէջ: 31Ըսաւ, ու շանաճանճը և մուները Անոնց բոլոր սահմաններուն մէջ եկան: 32Անձրևի տեղ կարկուտ տուաւ անոնց, Ու կրակի բոցեր` անոնց երկրին մէջ: 33Անոնց որթերը ու թզենիները զարկաւ, Եւ անոնց սահմաններուն ծառերը կոտըրտեց: 34Ըսաւ, ու եկաւ մարախը, Եւ ջորեակը` առանց համրանքի. 35Ու անոնց երկրին մէջի բոլոր խոտը կերան, Եւ անոնց արտերուն պտուղը կերան: 36Անոնց երկրին մէջի բոլոր անդրանիկները Ու անոնց բոլոր զօրութեանը սկիզբը զարկաւ: 37Եւ զանոնք ոսկիով ու արծաթով հանեց. Ու անոնց ցեղերուն մէջ տկար մարդ չկար: 38Եգիպտոս ուրախացաւ անոնց դուրս ելլելուն, Վասն զի անոնց ահը իրենց վրայ ինկած էր: 39Ցորեկը հովանի ըլլալու համար ամպը, Ու գիշերը լոյս տալու համար կրակը տարածեց: 40Խնդրեցին, ու լորամարգիներ բերաւ, Ու երկինքի հացով կշտացուց զանոնք: 41Վէմը պատռեց, ու ջուրերը վազեցին. Գետի պէս քալեցին չոր տեղերուն մէջ: 42Վասն զի իր սուրբ խօսքը յիշեց, Զոր իր ծառային հետ ըրեր էր: 43Ու ժողովուրդը ցնծութիւնով հանեց, Եւ իր ընտրածները` ուրախութիւնով: 44Ու հեթանոսներուն երկիրները անոնց տուաւ. Եւ ժողովուրդներուն վաստակները ժառանգեցին անոնք. 45Որպէս զի անոր պատուիրանքները պահեն, Ու անոր օրէնքները կատարեն: Ալէլուիա:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981