Սաղմոսներ
106
Տէրոջը բարութիւնը իր ժողովուրդին
1Ալէլուիա: Գոհացէք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է: 2Ո՞վ պիտի պատմէ Տէրոջը մեծ գործերը. Ո՞վ պիտի իմացնէ անոր ամէն գովութիւնը: 3Երանի՜ անոնց որ իրաւունքը կը պահեն, Ու ամէն ժամանակ արդարութիւն կ’ընեն: 4Յիշէ զիս, ով Տէր, քու ժողովուրդիդ վրայ ունեցած հաճութեանդ համեմատ, Ինծի այցելութիւն ըրէ քու փրկութիւնովդ. 5Որպէս զի քու ընտրեալներուդ բարութիւնը տեսնեմ, Քու ազգիդ ուրախութիւնովը ուրախանամ, Քու ժառանգութիւնովդ պարծենամ: 6Մենք մեր հայրերուն հետ մեղանչեցինք. Անօրէնութիւն ըրինք, ամբարշտութիւն գործեցինք: 7Մեր հայրերը Եգիպտոսի մէջ չիմացան քու հրաշքներդ, Չյիշեցին քու ողորմութեանդ շատութիւնը. Հապա ապստամբեցան ծովուն քով, Կարմիր ծովուն քով: 8Բայց զանոնք իր անուանը համար փրկեց, Որպէս զի իր մեծ զօրութիւնը ճանչցնէ: 9Եւ Կարմիր ծովուն սաստեց, ու ցամքեցաւ. Ու անդունդներուն մէջէն քալել տուաւ անոնց, իբրև թէ անապատին մէջէն: 10Եւ զանոնք փրկեց ատողին ձեռքէն, Ու ազատեց զանոնք թշնամիին ձեռքէն: 11Եւ ջուրերը անոնց թշնամիները ծածկեցին. Անոնցմէ մէ°կը չմնաց: 12Այն ատեն հաւատացին անոր խօսքին, Եւ անոր օրհնութիւն երգեցին: 13Շուտով մոռցան անոր գործերը, Ու անոր խրատին չսպասեցին: 14Եւ անապատին մէջ խիստ ցանկացան, Ու զԱստուած փորձեցին անջուր տեղին մէջ: 15Եւ անոնց տուաւ իրենց ուզածը, Թէպէտև վատուժութիւն ղրկեց անոնց անձերուն վրայ: 16Եւ Մովսէսի նախանձեցան բանակին մէջ, Ու Տէրոջը սուրբին, Ահարոնի: 17Երկիր բացուեցաւ ու կլլեց Դաթանը, Ու Աբիրոնի ժողովքը ծածկեց: 18Եւ կրակ բորբոքեցաւ անոնց ժողովքին մէջ, Բոցը այրեց ամբարիշտները: 19Հորթ շինեցին Քորեբի մէջ, Ու երկրպագութիւն ըրին ձուլածոյ պատկերին: 20Եւ իրենց Փառքը Խոտակեր արջառի նմանութեանը փոխեցին; 21Մոռցան իրենց փրկիչ Աստուածը` Որ մեծամեծ գործեր ըրաւ Եգիպտոսի մէջ, 22Ու հրաշքներ` Քամի երկրին մէջ, Եւ ահաւոր բաներ` Կարմիր ծովուն մէջ: 23Ուստի ըսաւ որ զանոնք կորսնցնէ, Եթէ անոր ընտրեալը Մովսէս Մէջտեղը անոր առջև կայնած չըլլար, Անոր բարկութիւնը ետ դարձնելու համար, որպէս զի չսատկեցնէ: 24Նաև այն ցանկալի երկիրը անարգեցին, Ու անոր խօսքին չհաւատացին: 25Եւ իրենց վրաններուն մէջ տրտընջեցին, Տէրոջը ձայնը չլսեցին: 26Ուստի անոնց համար երդում ըրաւ* Որ զանոնք անապատին մէջ ձգէ, 27Եւ անոնց սերունդը ազգերու մէջ ձգէ, Ու զանոնք երկիրներու մէջ ցրուէ: 28Եւ անոնք Բելփեգովրի յարեցան, Ու մեռածներուն զոհերը կերան 29Եւ իրենց գործերովը Տէրը բարկացուցին. Ու անոնց վրայ ժանտամահ հասաւ: 30Ետքը Փենեհէս ելաւ ու դատաստան ըրաւ, Եւ ժանտամահը դադարեցաւ: 31Ու այս բանը անոր արդարութիւն սեպուեցաւ` Ազգէ մինչև ազգ յաւիտեան: 32Նաև բարկացուցին զԱնիկա Մերիպայի ջուրերուն վրայ, Ու անոնց համար Մովսէսի գէշ եղաւ. 33Վասն զի դառնացուցին անոր հոգին, Ան ալ անխորհրդաբար խօսեցաւ իր շրթունքներովը: 34Չկորսնցուցին այն ազգերը Որ Տէրը ըսեր էր անոնց. 35Հապա հեթանոսներուն հետ խառնուեցան, Ու անոնց գործերը սորվեցան. 36Եւ անոնց կուռքերուն ծառայեցին, Ու անոնք իրենց որոգայթ եղան: 37Եւ իրենց տղաքները ու աղջիկները Դևերուն զոհեցին. 38Ու անմեղ արիւն թափեցին, Իրենց տղաքներուն ու աղջիկներուն արիւնը, Զորոնք զոհեցին Քանանու կուռքերուն. Ու երկիրը պղծուեցաւ արիւնով: 39Եւ իրենց գործերովը պղծուեցան, Ու իրենց ըրածներովը պոռնկութիւն ըրին: 40Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ իր ժողովուրդին վրայ, Ու զզուեցաւ իր ժառանգութենէն. 41Եւ զանոնք հեթանոսներուն ձեռքը մատնեց, Ու զանոնք ատողները տիրեցին անոնց վրայ: 42Եւ անոնց թշնամիները նեղեցին զանոնք. Ու անոնց ձեռքին տակ խոնարհեցան: 43Շատ անգամ փրկեց զանոնք. Բայց անոնք իրենց խորհուրդներովը դառնացուցին զԱնիկա, Ու նուաստացան իրենց անօրէնութիւններուն համար: 44Սակայն անիկա նայեցաւ անոնց նեղութեանը, Երբ անոնց աղաղակը լսեց. 45Ու անոնց համար իր ուխտը յիշեց, Եւ իր մեծ ողորմութեանը համեմատ զղջացաւ. 46Ու անոնց բոլոր գերեվարներուն առջև Գթութիւն գտնել տուաւ անոնց: 47Փրկէ մեզ, ով Տէր, մեր Աստուածը, Ու ժողվէ մեզ հեթանոսներուն մէջէն, Որպէս զի քու սուրբ անուանդ գոհութիւն մատուցանենք, Ու քու օրհնութիւնովդ պարծենանք: 48Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, Յաւիտեանս յաւիտենից: Ու բոլոր ժողովուրդը թող ըսէ, Ամէն: Ալէլուիա:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981