Սաղմոսներ

107

Աստուծոյն բարութեան փառաբանութիւնը

1Գոհացէք Տէրոջմէն, վասն զի է, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է: 2Թող այսպէս ըսեն Տէրոջը փրկածները, Զորոնք փրկեց թշնամիին ձեռքէն, 3Ու ժողվեց զանոնք երկիրներէն, Արևելքէն ու արևմուտքէն, հիւսիսէն ու ծովէն: 4Անոնք մոլորեցան անապատին մէջ, անջուր ճամբու մէջ. Բնակելու չգտան: 5Անօթի ու ծարաւ ըլլալով` Հոգինին իրենց ներսիդին կը մարէր: 6Ու Տէրոջը աղաղակեցին իրենց նեղութեանը մէջ, Եւ անիկա փրկեց զանոնք իրենց տառապանքներէն. 7Ու անոնց ուղիղ ճամբու մէջ առաջնորդեց, Որպէս զի բնակելու քաղաք երթան: 8Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար, Ու մարդոց որդիներուն իր ըրած հրաշքներուն համար. 9Վասն զի անիկա ծարւած հոգին կը յագեցնէ, Ու անօթեցածը բարութիւնով կը լեցնէ: 10Անոնք խաւարի ու մահուան շուքի մէջ կը նստէին, Տառապանքով ու երկաթով կապուած էին. 11Վասն զի Աստուծոյ խօսքերուն հակառակ կեցան, Ու Բարձրելոյն խորհուրդը անարգեցին: 12Ուստի անիկա ալ նեղութիւնով խոնարհեցուց անոնց սիրտը. Ինկան ու օգնական մը չկար: 13Եւ Տէրոջը աղաղակեցին իրենց նեղութեանը մէջ, Ու զանոնք փրկեց իրենց տառապանքներէն: 14Զանոնք խաւարէն ու մահուան շուքէն հանեց, Ու անոնց կապանքները կոտրտեց: 15Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար, Ու մարդոց որդիներուն իր ըրած հրաշքներուն համար. 16Վասն զի պղնձէ դռները փշրեց, Ու երկաթէ նիգերը կոտրեց: 17Յիմարները իրենց չար ճամբուն համար Ու իրենց անօրէնութիւններուն համար նեղութիւն կը կրեն. 18Անոնց անձը ամէն կերակուրէ կը զզուի, Ու մինչև մահուան դռներուն կը մօտենան: 19Եւ Տէրոջը կ’աղաղակեն իրենց նեղութեանը մէջ, Ու կը փրկէ զանոնք իրենց տառապանքներէն: 20Իր խօսքը կը ղրկէ ու կը բժշկէ զանոնք, Ու կ’ազատէ զանոնք իրենց կործանումէն: 21Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար, Ու մարդոց որդիներուն իր ըրած հրաշքներուն համար. 22Եւ գոհութեան պատարագներ մատուցանեն, Ու անոր գործերը ցնծութեամբ պատմեն: 23Նաւերով ծովը իջնողները Ու մեծ ջուրերու մէջ գործ գործողները, 24Անոնք Տէրոջը գործերը Ու անոր հրաշքները կը տեսնեն անդունդին մէջ: 25Վասն զի ան կ’ըսէ ու մրրկալից հովը կը հանէ, Որ անոր ալիքները կը բարձրացնէ: 26Երկինք կ’ելլեն, ու անդունդը կ’իջնեն. Անոնց անձերը նեղութենէ կը հալին. 27Գինով մարդու պէս կը դողդղան ու կ’երերան, Եւ անոնց բոլոր իմաստութիւնը կը հատնի: 28Այն ատեն Տէրոջը կ’աղաղակեն իրենց նեղութեանը մէջ, Ու կը փրկէ զանոնք իրենց տառապանքներէն: 29Մրրիկը հանդարտութեան կը դարձնէ, Ու ալիքները կը դադարին: 30Իրենք ալ կ’ուրախանան որ դադարեցան. Եւ կ’առաջնորդէ անոնց իրենց ուզած նաւահանգիստը: 31Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար, Ու մարդոց որդիներուն իր ըրած հրաշքներուն համար. 32Եւ թող բարձրացնեն զանիկա ժողովուրդին ժողովքին մէջ, Ու ծերերուն ատեանին մէջ գովեն զանիկա: 33Գետերը անապատի կը դարձնէ, Ու ջուրերուն գնացքները` չոր երկրի, 34Ու պտղաբեր երկիրը աղի երկրի` Անոր բնակիչներուն չարութեանը համար: 35Անապատը ջուրերու լիճի կը փոխէ, Ու չոր երկիրը` ջուրերու գնացքի. 36Եւ անօթիները հոն կը բնակեցնէ, Որպէս զի բնակելու քաղաք հաստատեն, 37Ու արտեր ցանեն և այգիներ տնկեն, Որպէս զի արմտիքի բերեն: 38Զանոնք կ’օրհնէ, և անոնք խիստ կը բազմանան, Ու անոնց անասունները չպակսեցներ: 39Նորէն կը պակսին ու կը ցածնան Բռնութենէ, նեղութենէ ու տրտմութենէ: 40Անարգանք կը թափէ իշխաններուն վրայ, Ու զանոնք ճամբայ չունեցող անապատի մէջ կը մոլորեցնէ: 41Բայց աղքատը խեղճութենէ կը բարձրացնէ, Եւ անոր տոհմերը ոչխարներու հօտի պէս կ’ընէ: 42Ուղիղները պիտի տեսնեն և ուրախանան. Ու ամէն անօրէնութիւն իր բերանը պիտի գոցէ: 43Ո՞վ է իմաստուն` որ այս բաները պահէ. Անիկա Տէրոջը ողորմութիւնները պիտի հասկնայ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981