Սաղմոսներ

110

Աստուած և ընտրուած թագաւորը

Սաղմոս Դաւթի

1Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, Նստէ իմ աջ կողմս, Մինչև քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ: 2Տէրը քու զօրութեանդ գաւազանը Սիօնէ պիտի ղրկէ. Քու թշնամիներուդ մէջտեղը դուն տիրէ: 3Ժողովուրդդ քու զօրութեանդ օրը Յօժարակամ պիտի ըլլայ սրբութեան զարդարանքներով. Քու երիտասարդներդ արշալուսին արգանդի ցօղէն* Աւելի պիտի ըլլան քեզի: 4Տէրը ըրաւ ու պիտի չզղջայ, Դուն յաւիտեան Մելքիսեդեկի կարգին պէս քահանայ ես: 5Տէրը քու աջ կողմդ է, Անիկա իր բարկութեան օրը թագաւորներ պիտի ջարդէ: 6Անիկա հեթանոսներուն մէջ պիտի ընէ, Մեռելներով պիտի լեցնէ, Շատ երկիրներու վրայ գլուխ եղողները պիտի ջարդէ: 7Ճամբուն մէջ գետէն պիտի խմէ. Անոր համար գլուխ պիտի վերցնէ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981