Սաղմոսներ

111

Տէրոջը փառաբանութիւնը

1Ալէլուիա: Բոլոր սրտով Տէրը պիտի գովեմ Ուղիղներուն ժողովքին ու ժողովուրդին մէջ: 2Տէրոջը գործերը մեծ են, Զանոնք սիրողներուն բոլորէն կը քննուին: 3Անոր գործը փառաւոր ու վայելուչ է, Եւ անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ: 4Յիշել տուաւ իր հրաշքները. Տէրը ողորմած ու գթած է: 5Կերակուր տուաւ իրմէ վախցողներուն. Իր ուխտը յաւիտեան կը յիշէ: 6Իր գործերուն զօրութիւնը ցուցուց իր ժողովուրդին, Անոնց տալով ազգերուն ժառանգութիւնը: 7Անոր ձեռքերուն գործերը ճշմարտութիւն ու են. Անոր բոլոր պատուիրանքները հաւատարիմ են. 8Յաւիտեանս յաւիտենից հաստատուած են, Ճշմարտութեամբ և ուղղութեամբ եղած են: 9Փրկութիւն ղրկեց իր ժողովուրդին, Իր ուխտը յաւիտեան պատուիրեց. Սուրբ ու ահաւոր է անոր անունը: 10Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է. խոհեմութիւն ունին այն ամէնը որոնք զանոնք կ’ընեն. Անոր օրհնութիւնը յաւիտեան կը մնայ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981