Սաղմոսներ

112

Բարի մարդուն երջանկութիւնը

1Ալէլուիա: Երանի՜ այն մարդուն որ Տէրոջմէն կը վախնայ, Ու անոր պատուիրանքներուն շատ կը հաւնի: 2Անոր սերունդը զօրաւոր պիտի ըլլայ երկրի վրայ. Ուղիղներուն ցեղը պիտի օրհնուի: 3Առատութիւն ու հարստութիւն պիտի ըլլայ անոր տանը մէջ, Ու անոր արդարութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ: 4Խաւարի մէջ լոյս կը ծագի ուղիղներուն. Ողորմած ու գթած և արդար է: 5 մարդը կ’ողորմի ու փոխ կու տայ. Իր բաները իրաւունքով կը կատարէ: 6Յիրաւի անիկա յաւիտեան պիտի չսասանի. Արդարին յիշատակը յաւիտեան պիտի մնայ: 7Անիկա գէշ լուրէն չվախնար. Անոր սիրտը հաստատ է, ու Տէրոջը կը յուսայ: 8Անոր սիրտը հաստատուած է, չվախնար, Մինչև իր թշնամիներուն կորուստը տեսնէ: 9Տարածեց, աղքատներուն տուաւ. Անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ. Անոր եղջիւրը փառքով պիտի բարձրանայ: 10Ամբարիշտը պիտի տեսնէ ու բարկանայ, Իր ակռաները պիտի կրճտէ ու պիտի հալի. Ամբարիշտներուն ցանկութիւնը պիտի կորսուի:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981