Սաղմոսներ

113

Աստուծոյ բարութիւնը

1Ալէլուիա: Օրհնեցէք, ով Տէրոջը ծառաները, Օրհնեցէք Տէրոջը անունը: 2Օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը Ասկէ ետև մինչև յաւիտեան: 3Արևելքէն մինչև արևմուտք Օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը: 4Տէրը բարձր է բոլոր ազգերուն վրայ. Անոր փառքը երկինքէն վեր է․ 5Մեր Տէր Աստուծոյն պէս ո՞վ կայ, Որ բարձրութեան մէջ կը բնակի. 6Որ երկինքի ու երկրի մէջ եղած բաները Տեսնելու համար կը խոնարհի. 7Որ աղքատը փոշիէն վեր կը վերցնէ, Ու տնանկը աղբանոցէն կը բարձրացնէ, 8Որպէս զի զանոնք նստեցնէ իշխաններուն հետ, Իր ժողովուրդին իշխաններուն հետ. 9Որ ամուլ կինը տունը կը բնակեցնէ, Ու որդիներու ուրախ կ’ընէ: Ալէլուիա:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981