Սաղմոսներ

114

Զատկական երգ մը

1Երբ Եգիպտոսէ դուրս ելաւ, Ու Յակոբի տունը` օտարալեզու ժողովուրդին մէջէն, 2Յուդա անոր սրբարանը` Ու Իսրայէլ անոր իշխանութիւնը եղաւ: 3Ծովը տեսաւ ու փախաւ. Յորդանան ետ դարձաւ: 4Լեռները խոյերու պէս ցաթկտեցին, Ու բլուրները գառնուկներու պէս: 5Քեզի ի՞նչ եղաւ, ով ծով, որ փախար, Եւ դուն, Յորդանան, որ ետ դարձար: 6Ով լեռներ, ինչո՞ւ խոյերու պէս ցաթկըտեցիք, Ու դուք, բլուրներ, գառնուկներու պէս: 7Սարսափէ, ով , Տէրոջը երեսէն, Յակոբի Աստուծոյն երեսէն, 8Որ վէմը ջուրերու լիճի դարձուց, Ու ապառաժը` ջուրերու աղբիւրի:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981