Սաղմոսներ
118
Շնորհակալութեան աղօթք մը յաղթանակի համար
1Գոհացէք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է. Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է: 2Իսրայէլ թող ըսէ թէ Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է: 3Ահարոնի տունը թող ըսէ թէ Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է: 4Տէրոջմէ վախցողները թող ըսեն թէ Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է: 5Նեղութեան մէջ Տէրոջը կանչեցի, Եւ Տերը պատասխան տուաւ ինծի, լայնարձակ տեղ մը հանելով: 6Տէրը ինծի հետ է, չեմ վախնար. Մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել: 7Տէրը իմ օգնականներուս հետ մէկտեղ ինծի հետ է. Ու ես իմ թշնամիներուս կորուստը պիտի տեսնեմ: 8Լաւ է Տէրոջը յուսալ, Քան թէ մարդոց ապաւինիլ: 9Լաւ է Տէրոջը յուսալ, Քան թէ իշխաններուն ապաւինիլ: 10Բոլոր ազգերը զիս պաշարեցին. Բայց Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք: 11Իմ բոլորտիքս առին, և զիս պաշարեցին. Բայց Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք: 12Մեղուներու պէս իմ բոլորտիքս առին, Փուշերու կրակի պէս մարեցան. Քանզի Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք: 13Սաստիկ հրեցիր զիս, որպէս զի վար իյնամ. Բայց Տէրը օգնեց ինծի: 14Տէրը իմ զօրութիւնս ու սաղմոսս է, Ու իմ փրկութիւնս եղաւ: 15Արդարներուն բնակարաններուն մէջ ցնծութեան ու փրկութեան ձայն կայ. Տէրոջը աջ ձեռքը զօրութիւն կը գործէ: 16Տէրոջը աջ ձեռքը բարձր է. Տէրոջը աջ ձեռքը զօրութիւն կը գործէ: 17Պիտի չմեռնիմ, հապա պիտի ապրիմ, Ու Տէրոջը գործերը պատմեմ: 18Տէրը զիս շատ խրատեց, Բայց մահուան չմատնեց զիս: 19Բացէք ինծի արդարութեան դռները. Անոնց մէջ պիտի մտնեմ, ու Տէրոջը գոհութիւն մատուցանեմ: 20Այս է Տէրոջը դուռը, Արդարները ասկէ պիտի մտնեն: 21Կը գոհանամ քեզմէ որ ինծի պատասխան տուիր, Ու ինծի փրկութիւն եղար: 22Այն քարը զոր շինողները անարգեցին, Անկիւնին գլուխը եղաւ: 23Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ. Զարմանալի է ասիկա մեր աչքերուն: 24Այս այն օրն է զոր Տէրը ստեղծեց. Ցնծանք և ուրախ ըլլանք անոր մէջ: 25Հիմա կ’աղաչեմ, ով Տէր, փրկէ. Հիմա կ’աղաչեմ, ով Տէր, յաջողէ: 26Օրհնեալ ըլլայ ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ. Օրհնեցինք ձեզ Տէրոջը տունէն: 27Տէրը Աստուած է, և լոյս կը ցուցնէ մեզի. Զոհի անասունները չուաններով կապեցէք, Ու սեղանին եղջիւրներուն մօտեցուցէք: 28Դուն ես իմ Աստուածս, ու քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Ով իմ Աստուածս, քեզ պիտի բարձրացնեմ: 29Գոհացէք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981