Սաղմոսներ
119
Աստուծոյ Օրէնքը
ԱԼԷՖ
1Երանի՜ ճամբով ամբիծներուն, Որոնք Տէրոջը օրէնքին մէջ կը քալեն: 2Երանի անոնց` որոնք անոր վկայութիւնները կը պահեն, Ու բոլոր սրտով զինք կը խնդրեն, 3Եւ անօրէնութիւն չեն ըներ, Հապա անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն: 4Դուն պատուիրեցիր որ շատ զգուշութեամբ Քու հրամաններդ պահենք: 5Երանի՜ թէ իմ ճամբաներս յաջողին, Որպէս զի քու կանոններդ պահեմ: 6Այն ատեն պիտի չամչնամ Երբ քու բոլոր պատուիրանքներուդ զգուշութիւն ընեմ: 7Պիտի գովեմ քեզ ուղիղ սրտով, Երբ քու արդար դատաստաններդ սորվիմ: 8Քու կանոններդ պիտի պահեմ. Զիս բոլորովին մի թողուր:
Հնազանդութիւն Տէրոջը Օրէնքին
ՊԷԹ
9Երիտասարդը ինչո՞վ մաքրէ իր ճամբան. Քու խօսքիդ համեմատ անոր զգուշութիւն ընելով: 10Իմ բոլոր սրտովս խնդրեցի քեզ. Մի թողուր զիս որ քու պատուիրանքներէդ մոլորիմ: 11Իմ սրտիս մէջ պահեցի քու խօսքերդ, Որպէս զի չմեղանչեմ քեզի դէմ: 12Օրհնեալ ես դուն, ով Տէր. Սորվեցուր ինծի քու կանոններդ: 13Իմ շրթունքներովս պատմեցի Քու բերնիդ բոլոր դատաստանները: 14Քու վկայութիւններուդ ճամբովը ուրախացայ, Որպէս թէ ամէն կերպ հարստութիւնով: 15Քու հրամաններուդ վրայով պիտի մտածեմ, Եւ քու ճամբաներդ պիտի դիտեմ: 16Քու կանոններովդ պիտի ուրախանամ, Ու քու խօսքդ պիտի չմոռնամ:
Երջանկութիւն Տէրոջը Օրէնքին մէջ
ԿԻՄԷԼ
17Բարութիւն ըրէ քու ծառայիդ, Որպէս զի ապրիմ ու քու խօսքդ պահեմ: 18Բաց իմ աչքերս, Որպէս զի քու օրէնքէդ հրաշքներ տեսնեմ: 19Պանդուխտ եմ ես երկրի վրայ. Մի ծածկեր ինծմէ քու պատուիրանքներդ: 20Իմ անձս կը նեղուի Ամէն ժամանակ քու դատաստաններուդ ցանկանալէն: 21Դուն սաստեցիր անիծեալ ամբարտաւանները, Քու պատուիրանքներէդ մոլորողները: 22Նախատինքը ու անարգանքը վերցուր ինծմէ, Վասն զի քու վկայութիւններդ պահեցի: 23Իշխաններ ալ կը նստէին ու ինծի դէմ կը խօսէին, Բայց քու ծառադ քու կանոններուդ վրայով կը մտածէր: 24Քու վկայութիւններդ ալ իմ ուրախութիւնս Ու իմ խորհրդականներս են:
Տէրոջը Օրէնքին հնազանդութեան սահմանումը
ՏԱԼԷԹ
25Իմ անձս հողին կը փակչի. Կենդանացուր զիս քու խօսքիդ համեմատ: 26Իմ ճամբաներս պատմեցի, ու դուն ինծի պատասխան տուիր. Սորվեցուր ինծի քու կանոններդ: 27Քու հրամաններուդ ճամբան ինծի իմացուր, Եւ քու սքանչելիքներուդ վրայով պիտի մտածեմ: 28Իմ անձս տրտմութենէն կը հալի. Հաստատէ զիս քու խօսքիդ համեմատ: 29Ստութեան ճամբան հեռացուր ինծմէ, Ու քու օրէնքդ շնորհէ ինծի, 30Ճշմարտութեան ճամբան ընտրեցի, Եւ քու դատաստաններդ իմ առջևս դրի: 31Քու վկայութիւններուդ յարեցայ. Ով Տէր, զիս մի ամչցներ: 32Քու պատուիրանքներուդ ճամբուն մէջ պիտի վազեմ, Վասն զի դուն իմ սիրտս պիտի լայնցնես:
Հասկացողութեան աղօթք մը
ՀԷ
33Ով Տէր, սորվեցուր ինծի քու կանոններուդ ճամբան, Ու մինչև վերջը պիտի պահեմ զանիկա: 34Իմաստուն ըրէ զիս, որպէս զի քու օրէնքդ պահեմ, Ու բոլոր սրտով զանիկա ի գործ դնեմ: 35Առաջնորդէ ինծի քու պատուիրանքներուդ շաւիղին մէջ, Վասն զի անոր հաւնեցայ: 36Իմ սիրտս քու վկայութիւններուդ յոժարեցուր, Ու ոչ թէ ագահութեան: 37Ետ դարձուր իմ աչքերս, որպէս զի սնոտի բան չտեսնեն. Եւ զիս քու ճամբուդ մէջ կենդանացուր: 38Հաստատէ քու խօսքդ Քեզմէ վախցող ծառայիդ վրայ: 39Ետ դարձուր ինծմէ իմ նախատինքս, որմէ կը վախնամ, Վասն զի քու դատաստաններդ բարի են: 40Ահա ցանկացայ քու հրամաններուդ. Քու արդարութեանդ մէջ կենդանացուր զիս:
Տէրոջը Օրէնքին վստահութիւն
ՎԱՎ
41Ով Տէր, թող իմ վրաս գայ քու ողորմութիւնդ, Եւ քու փրկութիւնդ քու խօսքիդ համեմատ: 42Ու ես խօսքով պատասխան պիտի տամ զիս նախատողին, Վասն զի քու խօսքիդ յուսացած եմ: 43Եւ ճշմարտութեան խօսքը բնաւ մի հեռացներ իմ բերնէս, Վասն զի քու դատաստաններուդ յուսացած եմ: 44Ու քու օրէնքդ միշտ պիտի պահեմ Յաւիտեանս յաւիտենից. 45Եւ լայնարձակ տեղի մէջ պիտի քալեմ, Քանզի քու հրամաններդ խնդրեցի: 46Ու քու վկայութիւններդ թագաւորներուն առջև պիտի խօսիմ, Եւ պիտի չամչնամ: 47Ու պիտի ուրախանամ քու պատուիրանքներովդ` Զորոնք սիրեցի: 48Եւ ձեռքերս դեպ ի քու պատուիրանքներդ պիտի վերցնեմ` զորոնք սիրեցի, Ու քու կանոններուդ վրայով պիտի մտածեմ:
Տէրոջը Օրէնքին մէջ ապահովութիւն
ԶԱՅԻՆ
49Յիշէ քու ծառայիդ եղած խօսքը, Որուն վրայ ինծի յուսալ տուիր: 50Իմ նեղութեանս մէջ մխիթարութիւնս այս է, Վասն զի քու խօսքդ զիս կենդանացուց: 51Ամբարտաւանները խիստ շատ ծաղր ըրին զիս, Բայց ես քու օրէնքէդ չխոտորեցայ: 52Ով Տէր, քու առաջուան դատաստաններդ յիշեցի, Ու մխիթարուեցայ: 53Սոսկումը զիս բռնեց այն ամբարիշտներուն համար` Որոնք քու օրէնքդ կը թողուն: 54Քու կանոններդ ինծի երգեր եղան Իմ պանդխտութեանս տանը մէջ: 55Ով Տէր, գիշերը քու անունդ յիշեցի, Ու քու օրէնքդ պահեցի: 56Այս եղաւ ինծի, Վասն զի քու հրամաններդ կը պահեմ:
Տէրոջը Օրէնքին նուիրումը
ԽԷԹ
57Դուն իմ բաժինս ես, ով Տէր. Ըսի որ քու խօսքերդ պահեմ: 58Բոլոր սրտով քու երեսդ խնդրեցի. Ողորմէ ինծի քու խօսքիդ համեմատ: 59Իմ ճամբաներուս վրայով մտածեցի, Եւ իմ ոտքերս քու վկայութիւններուդ դարձուցի: 60Քու պատուիրանքներդ պահելու Արտորացի ու չուշացայ: 61Ամբարիշտներուն խումբերը զիս պատեցին, Բայց ես քու օրենքդ չմոռցայ: 62Կէսգիշերին կ’ելլեմ քեզի գոհութիւն մատուցանել Քու արդար դատաստաններուդ համար: 63Ես ընկեր եղայ այն ամէնուն որոնք քեզմէ կը վախնան, Ու քու հրամաններդ կը պահեն: 64Ով Տէր, երկիր լեցուն է քու ողորմութիւնովդ. Սորվեցուր ինծի քու կանոններդ:
Տէրոջը Օրէնքին արժէքը
ԴԷԹ
65Բարութիւն ըրիր քու ծառայիդ, ով Տէր, Քու խօսքիդ համեմատ: 66Բարի իմաստութիւն ու գիտութիւն սորվեցուր ինծի, Վասն զի քու պատուիրանքներուդ հաւատացի: 67Քանի որ վշտացած չէի` կը սխալէի, Բայց հիմա քու խօսքդ կը պահեմ: 68Բարի ես դուն ու բարերար. Սորվեցուր ինծի քու կանոններդ: 69Ամբարտաւանները ստութիւն հնարեցին ինծի դէմ, Բայց ես բոլոր սրտով քու հրամաններդ պիտի պահեմ: 70Անոնց սիրտը ճարպի պէս պարարտացաւ, Բայց ես քու օրէնքովդ ուրախացայ: 71Աղէկ եղաւ ինծի որ վշտացայ, Որպէս զի քու կանոններդ սորվիմ: 72Ինծի հազարաւոր ոսկիէ ու արծաթէ Աւելի աղէկ է քու բերնիդ օրէնքը:
Տէրոջը Օրէնքին արդարութիւնը
ԵՕՏ
73Զիս քու ձեռքերդ ըրին ու ստեղծեցին. Իմաստուն ըրէ զիս, որպէս զի քու պատուիրանքներդ սորվիմ: 74Քեզմէ վախցողները զիս պիտի տեսնեն և ուրախանան, Վասն զի քու խօսքիդ յուսացայ: 75Գիտեմ, ով Տէր, որ քու դատաստաններդ արդարութիւնով են. Ու իրաւունքով զիս վշտացուցիր: 76Հիմա թող քու ողորմութիւնդ ինծի մխիթարութիւն ըլլայ` Քու ծառայիդ տուած խօսքիդ համեմատ: 77Թող քու գթութիւններդ իմ վրաս գան, որպէս զի ապրիմ, Վասն զի քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս է: 78Ամբարտաւանները պիտի ամչնան, Վասն զի առանց պատճառի անիրաւութիւն ըրին ինծի դէմ. Բայց ես քու հրամաններուդ վրայ պիտի մտածեմ: 79Թող ինծի դառնան քեզմէ վախցողները Եւ քու վկայութիւններդ ճանչցողները: 80Թող իմ սիրտս կատարեալ ըլլայ քու կանոններուդ մէջ, Այնպէս որ չամչնամ:
Աղօթք մը փրկութեան համար
ՔԱՖ
81Իմ անձս քու փրկութեանդ կը կարօտի, Ու ես քու խօսքիդ կը յուսամ: 82Իմ աչքերս քու խօսքիդ համար կը նուաղին, Ըսելով թէ Ե՞րբ պիտի մխիթարես զիս: 83Վասն զի ես ծուխի մէջ դրուած տիկի պէս եղայ, Բայց քու կանոններդ չմոռցայ: 84Ո՞րչափ են քու ծառայիդ օրերը. Զիս հալածողներուն ե՞րբ դատաստան պիտի ընես: 85Ամբարտաւանները փոսեր փորեցին ինծի համար, Որ քու օրէնքիդ պէս չեն: 86Քու բոլոր պատուիրանքներդ ճշմարիտ են. Զուր տեղ զիս կը հալածեն, օգնէ ինծի: 87Քիչ մնաց որ զիս կորսնցնէին երկրի մէջ, Բայց ես քու հրամաններդ չթողուցի: 88Քու ողորմութեանդ համեմատ կենդանացուր զիս, Եւ քու բերնիդ վկայութիւնը պիտի պահեմ:
Տէրոջը Օրէնքին հաւատարմութիւն
ԼԱՄԷՏ
89Ով Տէր, քու խօսքդ Յաւիտեան հաստատ է երկինքի մէջ: 90Քու հաւատարմութիւնդ ազգէ մինչև ազգ կը մնայ. Դուն հաստատեցիր երկիրը ու կը կենայ: 91Քու հրամաններուդ պէս կը կենան մինչև այսօր, Վասն զի բոլորը քու ծառաներդ են: 92Եթէ քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս չըլլար, Այն ատեն կորսուած պիտի ըլլայի իմ տրտմութեանս մէջ: 93Յաւիտեան պիտի չմոռնամ քու հրամաններդ, Քանզի անոնցմով կենդանացուցիր զիս: 94Ես քուկդ եմ, փրկէ զիս. Վասն զի քու հրամաններդ փնտռեցի: 95Ամբարիշտները ինծի սպասեցին, որպէս զի զիս կորսնցնեն, Բայց ես քու վկայութիւններդ միտքս պիտի բերեմ: 96Ամէն կատարելութեան վերջը տեսայ. Քու պատուիրանքդ շատ ընդարձակ է:
Տէրոջը Օրէնքին հանդէպ սէր
ՄԷՄ
97Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ. Այն է ամէն օր իմ մտածութիւնս: 98Քու պատուիրանքներդ զիս իմ թշնամիներէս իմաստուն ըրին, Քանզի անոնք միշտ իմ քովս են: 99Իմ բոլոր ուսուցիչներէս աւելի հանճարեղ եղայ, Վասն զի քու վկայութիւններդ իմ մտածութիւնս են: 100Ծերերէն աւելի իմաստուն եղայ, Վասն զի քու հրամաններդ պահեցի: 101Ամէն գէշ ճամբայէ իմ ոտքերս ետ քաշեցի, Որպէս զի քու խօսքդ պահեմ: 102Քու դատաստաններէդ չխոտորեցայ, Վասն զի դուն սորվեցուցիր ինծի: 103Ո՜րչափ քաղցր է քու խօսքդ իմ քիմքիս. Մեղրէն աւելի անոյշ է իմ բերնիս: 104Քու հրամաններովդ իմաստուն եղայ, Անոր համար ստութեան ամէն ճամբան ատեցի:
Տէրոջը Օրէնքէն՝ Լոյս
ՆՈՒՆ
105Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է, Ու իմ շաւիղներուս լոյս: 106Երդում ըրի ու պիտի կատարեմ, Որպէս զի քու արդար դատաստաններդ պահեմ: 107Շատ նեղացայ. Ով Տէր, կենդանացուր զիս քու խօսքիդ համեմատ: 108Հիմա իմ բերնիս կամաւոր զոհերը ընդունէ, ով Տէր, Ու քու դատաստաններդ սորվեցուր ինծի: 109Իմ հոգիս ամէն ժամանակ ափիս մէջ է, Բայց քու օրէնքդ չեմ մոռնար: 110Ամբարիշտները որոգայթ լարեցին ինծի համար, Բայց ես քու հրամաններէդ չմոլորեցայ: 111Քու վկայութիւններդ յաւիտեան ինծի ժառանգութիւն առի, Վասն զի անոնք իմ սրտիս ցնծութիւնն են: 112Խոնարհեցուցի իմ սիրտս, որպէս զի քու կանոններդ կատարեմ Յաւիտեան մինչև վերջը: #S ՍԱՄԷԽ 113Երկմիտները ատեցի, Բայց քու օրէնքդ սիրեցի: 114Իմ ապաւէնս ու ասպարս դուն ես. Քու խօսքիդ յուսացայ: 115Ետ քաշուեցէք ինծմէ, ով չարագործներ, Վասն զի ես իմ Աստուծոյս պատուիրանքները պիտի պահեմ: 116Պահպանէ զիս քու խօսքիդ համեմատ, որպէս զի ապրիմ. Եւ զիս իմ յոյսէս մի ամչցներ: 117Զօրացուր զիս որպէս զի ապրիմ, Ու միշտ քու կանոններուդ ուշադրութիւն ընեմ: 118Անարգեցիր այն ամէնը որոնք քու կանոններէդ խոտորեցան, Քանզի անոնց նենգութիւնը սուտ է: 119Դուն մետաղներու կղկղանք կը համարիս* երկրի բոլոր ամբարիշտները. Անոր համար ես քու վկայութիւններդ կը սիրեմ: 120Իմ մարմինս քու ահէդ դողաց, Ու ես քու դատաստաններէդ վախցայ:
Տէրոջը Օրէնքին հնազանդութիւն
ԱՅԻՆ
121Իրաւունք ու արդարութիւն ըրի. Զիս իմ նեղիչներուս մի մատներ: 122Քու ծառայիդ բարութեան համար երաշխաւոր եղիր. Ամբարտաւանները չհարստահարեն զիս: 123Իմ աչքերս նուաղեցան քու փրկութեանդ համար Ու քու արդարութեանդ խօսքին համար: 124Ըրէ քու ծառայիդ քու ողորմութեանդ համեմատ, Եւ քու կանոններդ սորվեցուր ինծի: 125Ես քու ծառադ եմ, իմաստուն ըրէ զիս, Որպէս զի քու վկայութիւններդ ճանչնամ: 126Տէրոջը բան տեսնելու ժամանակն է, Վասն զի քու օրէնքդ խափանեցին: 127Անոր համար քու պատուիրանքներդ Ոսկիէն ու ազնիւ ոսկիէն աւելի սիրեցի: 128Ուստի ամէն բանի վրայով պատուիրած քու բոլոր հրամաններդ ուղիղ կը համարիմ, Ու ստութեան ամէն ճամբան կ’ատեմ:
Տէրոջը Օրէնքին հնազանդելու փափաք
ՓԷ
129Քու վկայութիւններդ զարմանալի են. Անոր համար իմ անձս զանոնք կը պահէ: 130Քու խօսքերուդ յայտնուիլը լոյս կու տայ, Ու միամիտները իմաստուն կ’ընէ: 131Իմ բերանս բացի ու հևացի, Վասն զի քու պատուիրանքներուդ ցանկացայ. 132Ինծի նայէ ու ողորմէ ինծի, Ինչպէս սովորաբար կ’ընէս քու անունդ սիրողներուն: 133Իմ գնացքներս հաստատէ քու խօսքիդ մէջ, Ու բնաւ անօրէնութիւն մը չտիրէ ինծի: 134Փրկէ զիս մարդոց բռնութենէն, Եւ քու հրամաններդ պիտի պահեմ: 135Երեսդ փայլեցուր քու ծառայիդ վրայ, Ու սորվեցուր ինծի քու կանոններդ: 136Ջուրերու առուներ կ’իջնեն իմ աչքերէս, Վասն զի մարդիկ քու օրէնքդ չպահեցին:
Տէրոջը Օրէնքին արդարութինը
ՑԱՏԷ
137Արդար ես դուն, ով Տէր, Եւ քու դատաստաններդ ուղիղ են: 138Քու պատուիրած վկայութիւններդ Արդար ու խիստ ճշմարիտ են: 139Իմ նախանձս զիս մաշեց, Վասն զի իմ թշնամիներս քու խօսքերդ մոռցան: 140Քու խօսքդ խիստ մաքուր է, Անոր համար քու ծառադ զանիկա կը սիրէ: 141Ես ցած ու անարգուած եմ, Բայց քու հրամաններդ չմոռցայ: 142Քու արդարութիւնդ յաւիտենական արդարութիւն է, Ու քու օրէնքդ ճշմարտութիւն է: 143Նեղութիւն ու վիշտ զիս գտան, Բայց քու պատուիրանքներդ իմ ուրախութիւնս են: 144Քու վկայութիւններուդ արդարութիւնը յաւիտեան է. Իմաստուն ըրէ զիս ու պիտի ապրիմ:
Աղօթք մը ազատութեան համար
ԳՕՖ
145Բոլոր սրտով աղաղակեցի, Ով Տէր, պատասխան տուր ինծի, ու քու կանոններդ պիտի պահեմ: 146Քեզի աղաղակեցի, փրկէ զիս, Եւ քու վկայութիւններդ պիտի պահեմ: 147Կանուխ ելայ արշալոյսին ու աղաղակեցի. Քու խօսքիդ յուսացայ: 148Գիշերուան պահերէն առաջ բացուեցան իմ աչքերս Քու խօսքերուդ վրայ մտածելու համար: 149Իմ ձայնս լսէ քու ողորմութեանդ համեմատ. Ով Տէր, քու դատաստաններուդ համեմատ կենդանացուր զիս: 150Անօրէնութեան հետևողները մօտեցան. Անոնք քու օրէնքէդ հեռացան: 151Ով Տէր, դուն մօտ ես, Ու քու բոլոր պատուիրանքներդ ճշմարտութիւն են: 152Առաջուընէ իմացած եմ քու վկայութիւններէդ, Զորոնք յաւիտեան հաստատեցիր:
Օգնութեան ծրագիր մը
ՐԷՇ
153Տես իմ խղճութիւնս ու զիս փրկէ, Վասն զի քու օրէնքդ չմոռցայ: 154Իմ իրաւունքս պաշտպանէ ու փրկէ զիս Քու խօսքիդ համեմատ կենդանացուր զիս: 155Փրկութիւնը հեռու է ամբարիշտներէն, Վասն զի քու կանոններդ չխնդրեցին: 156Ով Տէր, քու գթութիւններդ շատ են. Քու դատաստաններուդ համեմատ կենդանացուր զիս: 157Շատ են իմ հալածիչներս ու թշնամիներս, Բայց ես քու վկայութիւններէդ չխոտորեցայ: 158Անօրէնները տեսայ ու զզուեցայ, Վասն զի անոնք քու խօսքդ չէին պահեր: 159Նայէ որ քու հրամաններդ կը սիրեմ. Ով Տէր, քու ողորմութեանդ համեմատ կենդանացուր զիս: 160Քու խօսքիդ սկիզբը ճշմարտութիւն է, Ու քու բոլոր արդար դատաստաններդ յաւիտեան են:
Տէրոջը Օրէնքին ընծայում
ՇԻՆ
161Իշխանները զուր տեղ զիս հալածեցին, Բայց իմ սիրտս քու խօսքէդ վախցաւ: 162Ես կը ցնծամ քու խօսքերովդ, Շատ աւար գտնողի պէս: 163Ստութիւնը ատեցի ու անարգեցի, Բայց քու օրէնքդ սիրեցի: 164Օրը եօթը անգամ կ’օրհնեմ քեզ, Քու արդար դատաստաններուդ համար: 165Քու օրէնքդ սիրողներուն շատ խաղաղութիւն կայ, Ու անոնց գայթակղութիւն չըլլար: 166Ով Տէր, քու փրկութեանդ սպասեցի, Եւ քու պատուիրանքներդ կատարեցի: 167Իմ անձս քու վկայութիւններդ պահեց, Ու ես զանոնք շատ կը սիրեմ: 168Քու հրամաններդ և քու վկայութիւններդ պահեցի, Վասն զի իմ բոլոր ճամբաներս քու առջևդ են:
Աղօթք մը օգնութեան համար
ԹԱՎ
169Ով Տէր, թող իմ աղաղակս քու առջևդ մօտենայ. Քու խօսքիդ համեմատ իմաստուն ըրէ զիս: 170Թող իմ աղաչանքս քու առջևդ ելլէ. Քու խօսքիդ համեմատ փրկէ զիս: 171Իմ շրթունքներս օրհնութիւն պիտի բղխեն, Վասն զի քու կանոններդ սորվեցուցիր ինծի, 172Իմ լեզուս քու խօսքդ պիտի պատմէ, Վասն զի քու բոլոր պատուիրանքներդ արդար են: 173Թող քու ձեռքդ ինծի օգնական ըլլայ, Վասն զի քու հրամաններդ ընտրեցի: 174Ով Տէր, քու փրկութեանդ ցանկացայ, Ու քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս է: 175Թող իմ անձս ապրի ու քեզ օրհնէ, Եւ քու դատաստաններդ օգնեն ինծի: 176Կորսուած ոչխարի պէս մոլորեցայ. Փնտռէ քու ծառադ, վասն զի քու պատուիրանքներդ չմոռցայ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981