Սաղմոսներ

12

Աղօթք մը օգնութեան համար

Գլխաւոր երաժշտին, Շէմինիթի վրայ. Սաղմոս Դաւթի։

1Ով Տէր, փրկէ, վասն զի սուրբ չմնաց․ Վասն զի հաւատարիմները մարդոց որդիներուն մէջէն պակսեցան։ 2Ամէն մարդ սուտ կը խօսի իր ընկերին հետ․ Շողոքորթող շրթունքներով ու կրկին սրտով կը խօսին։ 3Տէրը պիտի կտրէ ամէն շողոքորթող շրթունքները Ու մեծախօս լեզուն, 4Որոնք ըսին թէ Լեզուներովնիս պիտի յաղթենք, Շրթունքներնիս մերն է, մեր վրայ տիրող ո՞վ պիտի ըլլայ։ 5Աղքատներուն զրկանքին ու տնանկներուն հեծութեանը համար Հիմա պիտի ելլեմ, կ’ըսէ Տէրը, Ազատութեան մէջ պիտի դնեմ զանիկա որ կը փչուի։ 6Տէրոջը խօսքերը մաքուր խօսքեր են․ Հողէ բովքի մէջ զտուած Ու եօթը անգամ մաքրուած արծաթի պէս են։ 7Ով Տէր, դուն պիտի պահես զանոնք, Ու պիտի պաշտպանես այս ազգէն մինչև յաւիտեան։ 8Ամբարիշտները ամէն կողմ կը պտըտին, Երբ մարդոց որդիներուն մէջ անարգները բարձրանան։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981