Սաղմոսներ

120

Աղօթք մը օգնութեան համար

Աստիճաններուն երգը

1Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը աղաղակեցի, Ու անիկա ինծի պատասխան տուաւ: 2Ով Տէր, փրկէ իմ անձս սուտ շրթունքներէն Ու նենգաւոր լեզուէն: 3Ով նենգաւոր լեզու, քեզի ի՞նչ տրուի, Եւ քեզի ի՞նչ աւելցուի. 4Զօրաւոր մարդուն սուր նետերը Ու գիհիին կայծերը: 5Վա՜յ ինծի, որ Մոսոքի մէջ պանդուխտ եղայ, Եւ Կեդարի վրաններուն քովերը բնակեցայ: 6Շատ ժամանակ իմ անձս բնակեցաւ Խաղաղութիւնը ատողներուն հետ: 7Ես խաղաղասէր էի. Բայց երբ կը խօսէի, անոնք կռիւ կ’ընէին:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981