Սաղմոսներ

121

Տէրը՝ մեր պաշտպանը

Աստիճաններուն երգը

1Աչքերս դէպ ի լեռները պիտի վերցնեմ, Ուրկէ իմ օգնութիւնս պիտի գայ: 2Իմ օգնութիւնս Տէրոջմէն է, Որ երկինքը ու երկիրը ստեղծեց: 3Անիկա քու ոտքդ չդողացնէ, Ու քու Պահապանդ չքնանայ: 4Ահա Իսրայէլի Պահապանը Պիտի չմրափէ ու պիտի չքնանայ, 5Տէրը քու պահապանդ է. Տէրը քու աջ ձեռքիդ քով քու հովանիդ է: 6Ցորեկը արեգակը քեզ պիտի չզարնէ, Ոչ ալ գիշերը` լուսինը: 7Տէրը քեզ ամէն չարէն պիտի պահպանէ, Քու անձդ պիտի պահպանէ: 8Տէրը քու ելլելդ ու մտնելդ պիտի պահպանէ Ասկէ ետև մինչև յաւիտեան: Դաւիթի աստիճաններուն երգը:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981