Սաղմոսներ

122

Երուսաղէմի փառքը

1Կ’ուրախանայի երբ ինծի կ’ըսէին, Տէրոջը տունը երթանք: 2Մեր ոտքերը քու դռներուդ մէջ կայնեցան, Ով : 3Երուսաղէմ այնպիսի քաղաքի մը պէս շինուած է, Որ ինքնիրեն միաւորուած է. 4Որ ցեղերը, Տէրոջը ցեղերը, հոն կ’ելլեն Իսրայէլի պատուիրածին պէս, Տէրոջը անուանը գուհութիւն մատուցանելու համար: 5Վասն զի հոն դրուած են դատաստանի աթոռները, Դաւիթի տանը աթոռները: 6Երուսաղէմի խաղաղութիւնը խնդրեցէք. Թող յաջողին անոնք որ քեզ կը սիրեն: 7Խաղաղութիւն թող ըլլայ քու պարիսպներուդ մէջ, Ու յաջողութիւն` քու պալատներուդ մէջ: 8Իմ եղբայրներուս ու ընկերներուս համար Հիմա պիտի ըսեմ, Խաղաղութիւն ըլլայ քու մէջդ: 9Մեր Տէր Աստուծոյն տանը համար Քեզի բարութիւն պիտի ուզեմ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981