Սաղմոսներ
123
Աղօթք մը ներողութեան համար
Աստիճաններուն երգը
1Քեզի կը բարձրացնեմ իմ աչքերս, Ով երկինքի մէջ Բնակող: 2Ահա ինչպէս ծառաներուն աչքերը իրենց տէրոջը ձեռքին կը նային, Ու ինչպէս աղախինին աչքերը իր տիկնոջ ձեռքին, Այնպէս մեր աչքերը Տէրոջը, մեր Աստուծոյն, պիտի նային, Մինչև մեզի ողորմի: 3Ողորմէ մեզի, ով Տէր, ողորմէ մեզի, Վասն զի խիստ լեցուեցանք անարգանքով: 4Խիստ լեցուած է մեր անձը հանգիստ վայելողներուն նախատինքովը Ու ամբարտաւաններուն անարգանքովը:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981