Սաղմոսներ

124

Աստուած ժողովուրդին պահապան

Դաւիթի աստիճաններուն երգը

1Եթէ Տէրը մեզի հետ չըլլար, Հիմա թող ըսէ, 2Եթէ Տէրը մեզի հետ չըլլար, Երբ մարդիկ մեր վրայ ելան, 3Այն ատեն ողջ ողջ պիտի կլլէին մեզ, Երբ անոնց բարկութիւնը մեր վրայ բորբոքած էր. 4Այն ատեն ջուրերը մեզ պիտի ընկղմէին, Հեղեղը մեր անձերուն վրայէն պիտի անցներ. 5Այն ատեն հպարտացած ջուրերը Մեր անձերուն վրայէն պիտի անցնէին: 6Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, Որ մեզ անոնց ակռաներուն որս չտուաւ: 7Մեր անձերը ճնճղուկի պէս որսորդներուն որոգայթէն ազատեցան․ Որոգայթը կոտրեցաւ ու մենք ազատեցանք: 8Մեր օգնութիւնը Տէրոջը անունովն է, Որ երկինքն ու երկիրը ստեղծեց:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)