Սաղմոսներ
125
Աստուծոյ ժողովուրդին ապահովութիւնը
Աստիճաններուն երգը
1Տէրոջը յուսացողները Սիօն լեռանը պէս են, Որ չսասանիր, հապա յաւիտեան կը մնայ: 2Ինչպէս Երուսաղէմ լեռներով պատած է, Նոյնպէս Տէրը իր ժողովուրդին չորս կողմն է Ասկէ ետև մինչև յաւիտեան: 3Վասն զի ամբարշտին գաւազանը արդարներուն վիճակին վրայ պիտի չմնայ, Որպէս զի արդարները ձեռքերնին անօրէնութեան չերկնցնեն: 4Ով Տէր, բարիք ըրէ բարիներուն Ու սրտով ուղիղներուն: 5Սակայն զանոնք որ իրենց ծուռ ճամբաներուն մէջ կը մոլորին, Տէրը պիտի կորսնցնէ անօրէնութիւն գործողներուն հետ: Խաղաղութիւն ըլլայ Իսրայէլի վրայ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981