Սաղմոսներ
127
Աստուծոյ բարութեան փառքը
Սողոմոնի աստիճաններուն երգը
1Եթէ Տէրը չշինէ տունը, Զուր տեղ կ’աշխատին անոր շինողները. Եթէ Տէրը չպահպանէ քաղաքը, Զուր տեղ կը հսկեն պահապանները: 2Պարապ բան է ձեզի համար կանուխ ելլելը և ուշ հանգչիլը Ու ցաւով հաց ուտելը: Արդարև անիկա իր սիրելիին քուն կու տայ: 3Ահա տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են. Որովայնի պտուղը անոր պարգևն է: 4Ինչպէս են նետերը զօրաւորին ձեռքին մէջ, Այնպէս են երիտասարդներուն տղաքը: 5Երանի՜ այն մարդուն, Որ իր կապարճը անոնցմով լեցուց. Երբ դրանը մէջ թշնամիներուն հետ խօսելու ըլլան, Պիտի չամչնան: Աստիճաններուն երգը:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981