Սաղմոսներ

128

Տէրոջը հնազանդութեան վարձատրութիւնը

1Երանի՜ այն ամէնուն` որոնք Տէրոջմէ կը վախնան, Ու անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն: 2Վասն զի քու ձեռքիդ աշխատութիւնը պիտի ուտես. Երանի՜ է քեզի, ու քեզի պիտի ըլլայ: 3Քու կինդ պտղաբեր որթի մը պէս պիտի ըլլայ Քու տանդ ներսիդիերը, Ու քու որդիներդ ձիթենիի տունկերու պէս Քու սեղանիդ չորս կողմը: 4Ահա Տէրոջմէն վախցող մարդը Այսպէս պիտի օրհնուի: 5Տէրը քեզ Սիօնէ օրհնէ, Ու Երուսաղէմի բարութիւնը տեսնես Քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ. 6Եւ քու որդւոցդ որդիները տեսնես: Խաղաղութիւն ըլլայ Իսրայէլի վրայ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981