Սաղմոսներ
13
Աղօթք մը օգնութեան համար
Գլխաւոր երաժշտին. Սաղմոս Դաւթի։
1Ով Տէր, մինչև ե՞րբ բոլորովին զիս պիտի մոռնաս, Մինչև ե՞րբ քու երեսդ ինծմէ պիտի ծածկես։ 2Մինչև ե՞րբ մտքիս մէջ հոգեր պիտի դնեմ, Ամէն օր սրտիս մէջ տրտմութիւն ունենալով․ Մինչև ե՞րբ թշնամիս իմ վրաս պիտի բարձրանայ։ 3Նայէ, ով իմ Տէր Աստուածս, ու պատասխան տուր ինծի․ Լուսաւորէ իմ աչքերս, Որպէս զի մահուան քունը չքնանամ։ 4Չըլլայ որ թշնամիս ըսէ թէ Յաղթեցի անոր․ Կամ թէ ինծի դէմ կեցողները խնդան իմ սասանելու ատենս։ 5Ես քու ողորմութեանդ յուսացայ, Իմ սիրտս քու փրկութիւնովդ պիտի ցնծայ։ 6Պիտի երգեմ Տէրոջը, Վասն զի ինծի բարերարութիւն ըրաւ։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981