Սաղմոսներ
130
Աղօթք մը օգնութեան համար
Աստիճաններուն երգը
1Խորունկ տեղերէն քեզի կանչեցի, ով Տէր: 2Ով Տէր, իմ ձայնս լսէ. Քու ականջներդ թող մտիկ ընեն իմ աղօթքիս ձայնը: 3Ով Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէր, ո՞վ կրնայ կենալ: 4Բայց քու քովդ է թողութիւնը, Որպէս զի քեզմէ վախնան: 5Ես Տէրոջը կը սպասեմ, իմ անձս կը սպասէ, Ու անոր խօսքին կը յուսամ: 6Առտուան սպասողներէն, առտուան սպասողներէն աւելի Իմ անձս Տէրոջը կը սպասէ: 7Իսրայէլ թող Տէրոջը յուսայ, Վասն զի Տէրոջը քով ողորմութիւն կայ. Ու անոր քով շատ փրկութիւն կայ. 8Եւ անիկա պիտի փրկէ Իսրայէլը Իր բոլոր անօրէնութիւններէն:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981