Սաղմոսներ
131
Աղօթք մը կատարեալ վստահութեան
Դաւիթի աստիճաններուն երգը
1Ով Տէր, իմ սիրտս չգոռոզացաւ, Եւ իմ աչքերս չբարձրացան. Ու ես մեծամեծ բաներու մէջ, Եւ ինծմէ բարձր բաներու մէջ չքալեցի: 2Արդարև իմ անձս հանդարտեցուցի ու հանգստացուցի Իր մօրը կաթէն կտրուած տղու մը պէս. Իմ անձս կաթէն կտրուած տղու մը պէս է: 3Իսրայէլ թող Տէրոջը յուսայ Ասկէ ետև մինչև յաւիտեան: